Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Փարիզէն ոչ շատ հեռու գտնուող Մոնֆոր-լ՛Ամորի համայնքին մէջ: Ըստ «Փանորամա»ի՝ ասիկա եղած է անոր վերջին փափաքը:
Այդ համայնքին մէջ կը գտնուի երգիչին տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ՛անցընէր իր ընտանիքին հետ:
«Իմ հողը՝ ֆրանսական հողն է: Իմ Մոնֆոր-լ՛Ամորի համայնքի՝ 12րդ դարու վանքին մէջ, կառուցուած է յատուկ ոչ մեծ ընտանեկան գերեզման», ըսաւ Ազնաւուր:
Ելիզէյեան պալատը նաեւ կը ծրագրէ Երեւանի մէջ, Հոկտեմբերին կազմակերպել ձեռնարկ մը, երբ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: Ձեռնարկը հաւանաբար տեղի ունենայ 11-12 Հոկտեմբերին կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթնաժողովի շրջագիծին մէջ. ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
Նշենք, թէ Շարլ Ազնաւուրի վերջին լուսանկարը առնուած է ֆրանսացի դերասան Ժան-Փօլ Պելմոնտոյի հետ: Ըստ «360tv»ի՝ լուսանկարը հրապարակուած է երգիչին պաշտօնական «Ինսթակրեմ»ին վրայ: «Իմ յաւերժական ընկեր Ժան-Փօլ», գրուած է լուսանկարին տակ: Երկու աստղերուն լուսանկարին հեղինակն է Մարք տը Տոմինիքօ: