ԵՐԵՒԱՆ.-1 Հոկտեմբերէն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանի հեղինակած նախագիծը, որով երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ՛եռապատկուի:
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագիծի ընդունումէն ետք, 1 Հոկտեմբեր 2018էն սկսեալ ընտանիքի երկրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրուող երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ՛աւելնայ 3 անգամով՝ գործող 50 հազար դրամի փոխարէն դառնալով 150,000 դրամ:
Կը կանխատեսուի, որ 2018ի 2րդ կիսամեակին Հայաստանի մէջ ծնին շուրջ 7500 երեխաներ: Այս պարագային, լրացուցիչ ամավարկային միջոցներու պահանջը 2018ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն պիտի կազմէ շուրջ 375 միլիոն դրամ, իսկ 2019ին եւ յետագայ տարիներուն համար՝ տարեկան շուրջ 1.5 միլիառ դրամ:
Անհրաժեշտ ամավարկային յատկացումները 2018ի համար պիտի իրականացուին Հայաստանի 2018 պետական ամավարկով ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին գծով նախատեսուած ընդհանուր յատկացումներու ծիրին մէջ: