ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնակայանին մէջ, 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕի 1954ի պայմանագրութեան կից 1999ի երկրորդ Արձանագրութեան կոմիտէի նիստը, որուն ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու քննարկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի՝ Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գտնուող «Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերին հովիտ»ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ուժեղացուած պաշտպանութեան կարգավիճակ շնորհելու վերաբերեալ յայտը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը յայտնեն, որ կոմիտէի անդամները քննարկեցին յայտի բովանդակութիւնը եւ մասնագիտական հարցումներ ուղղեցին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն, որմէ ետք միաձայն որոշուեցաւ յայտի ընդունումը ներառել Դեկտեմբերին կայանալիք 1999ի երկրորդ արձանագրութեան կոմիտէի միջկառավարական յանձնաժողովի 13րդ նիստի օրակարգին մէջ:
Տեղեկանք. «Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերի հովիտ»ը 2000էն սկսեալ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, հանդիսանալով մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յուշարձան: «Ուժեղացուած պաշտպանութիւնը» ԵՈՒՆՍՔՕի 1954ի պայմանագրութեան կից 1999ի երկրորդ արձանագրութեամբ մշակուած մեքակառոյց է՝ զինուած ընդհարման պարագային, մշակութային արժէքներու յատուկ պաշտպանութիւն սահմանելու համար: Անիկա նպատակ ունի ապահովել մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յատուկ յուշարձաններու ամբողջական եւ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը՝ միջազգային կամ ոչ-միջազգային զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին: Մեքաակառոյցը կը պահանջէ հակամարտող կողմերուն՝ ձեռնպահ մնալ նման յուշարձանի վրայ յարձակումէ, ինչպէս նաեւ զայն կամ անոր անմիջական շրջապատը ռազմական նպատակներով որեւէ օգտագործումէ: Արձանագրութիւնը նաեւ կը սահմանէ քրէական պատիժներ՝ ֆիզիկական անձերու կողմէ մշակութային արժէքի նկատմամբ ուժեղացուած պաշտպանութիւնը խախտելու պարագային:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառուած են Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը, «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ», «Քոչարի. աւանդական խմբապար» մշակութային արժէքները:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ցայսօր ընդգրկուած են Հաղպատի եւ Սանահինի վանական համալիրները, Գեղարդաւանքը՝ Ազատ գետի հովիտով, Էջմիածինի եկեղեցիներն ու Մայր տաճարը, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց հնավայրը: