ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Մայիսէն 30 Սեպտեմբեր 2018 երկարող ժամանակահատուածին, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յարուցուեցան քրէական գործեր՝ շուրջ 68.4 միլիառ դրամի չափով. անոնք ունին պաշտօնական դիրքի չարաշահման, իւրացման, ապօրինի հարստացման, կաշառքի եւ կաշառակերութեան բնոյթ ունեցող այլ յատկանիշներ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետի օգնական Արէն Մկրտչեան:
«Գումարի կարգավիճակին մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակեմ յառաջիկային՝ հաշուարկի եւ տուեալներու ստուգման գործընթացին աւարտէն ետք: Կաշառակերութիւնը անհամատեղելի է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Կաշառակերութիւնը պէտք է ջախջախուի»,- գրած է Մկրտչեան:
2018 Օգոստոսին, 2017ի նոյն ամսուան հետ համեմատած՝ Հայաստանի պետական պիւտճէի եկամուտները աճած են 46.1 տոկոսով: Ընթացիկ տարուան Օգոստոսին պիւտճէի եկամուտները կազմած են աւելի քան 137.3 միլիառ դրամ, մինչդեռ նախորդ տարուան Օգոստոսին այդ թիւը կազմած էր շուրջ 94 միլիառ դրամ: