ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ընթացիկ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէ մտած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 39 միլիառ 935 միլիոն 400 հազար դրամ՝ ծրագրուած 36 միլիառ 900 հազար դրամ ցուցանիշը գերազանցելով 8.2 տոկոսով կամ 3 միլիառ 35 միլիոն 400 հազար դրամով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ելեւմուտքի նախարարութենէն՝ նշելով, որ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցած են 52.3 տոկոսով կամ 13 միլիառ 719 միլիոն դրամով:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ հաւաքուած յաւելեալ գումարին 10 միլիառ 314 միլիոն դրամը պայմանաւորուած է «Բէյզ Մեթըլս»ի կողմէ վճարուած հարկային եկամուտներուն աճով, իսկ 3 միլիառ 405 միլիոն դրամը ապահովուած է Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին եւ հարկային մարմինին կողմէ իրականացուած հետեւողական վարչարարութեան իբրեւ արդիւնք:
Ծրագրային առաջադրանքները գերկատարուած են բոլոր եկամուտներու տեսակներու գծով եւ կատարուած հարկ վճարողներուն սպասարկող բոլոր ստորաբաժանումներուն կողմէ: