ՊԷՅՐՈՒԹ.- Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ նախագահութեամբ Իմատ Աշքարի, Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան վարժարանի բացումը, ներկայութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեանի, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ հիւպատոս Լէոնար Ապաճեանի, Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազարի, վարդապետներու, առաքինազարդ քոյրերու, Ժտէյտի-Պուշրիէ շրջանի քաղաքապետ Անթուան Ժպարայի, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ բարեկամներու:
Զէքիեան արքեպիսկոպոսը ա-ռողջական անակնկալ անհանգստութեան պատճառով կը բացակայէր հանդիսութենէն:
Վարժարանի մուտքին բացման արարողութեան՝ կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք, Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան օրհնեց դպրոցը եւ աղօթք բարձրացնելով՝ Աստուծմէ հայցեց Մխիթարեան վարժարանը պահել անսասան եւ հաստատ: Ներկաները ապա բարձրացան դպրոցին սրահը, ուր տեղի ունեցած յայտագիրով ազդանշանը տրուեցաւ վարժարանի մեկնարկին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարներ Լիւսի Տէօքմէճեան՝ հայերէնով, եւ Յակոբ Խրիմեան՝ անգլերէնով, բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձան ընդհանրապէս դպրոցին եւ մասնաւորապէս հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերին՝ սերունդներու դաստիարակութեան եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան մէջ: Այունհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած Ռիթա Պոյաճեանը, որ իր խօսքը սկսաւ ըսելով, որ այսօր ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, այսօր ցնծալու եւ պարծենալու պահ է, որովհետեւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին բացումը երջանկութեան եւ տօնական առիթ է ոչ միայն դպրոցը հովանաւորող Մխիթարեան միաբանութեան, այլ նաեւ լիբանանահայ գաղութի իւրաքանչիւր անհատի համար: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ վարժարանը, դիմակայելով բոլոր դժուար մարտահրաւէրները՝ հերոսութեան համազօր քայլով մը կայացուց 2018-2019 տարեշրջանին գործելու հսկայական որոշումը, երբ շատ ուրիշներ կը փակէին իրենց դարպասները: Ան ներկայացուց նաեւ դպրոցին փափքըը՝ դառնալու ոչ-սովորական դպրոց մը՝ նորարարութիւններ ընդգրկող, ուր լիբանանեան կրթական ծրագիրին կողքին, կը ներառուին միջազգային եւ մանաւանդ ֆինլանտական ուսումնական շարք մը մեթոտներ եւ սկզբունքներ: Աւարտին, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գերապայծառ Զէքիեանին՝ իր օրհնաբեր աղօթքներուն համար, Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեանին՝ իր մշտական հետեւողականութեան եւ աջակցութեան համար, Լիբանանի կրթութեան եւ բարձր ուսման նախարարութեան մէջ սեփական վարժարաններու բաժինի տնօրէն Իմատ Աշքարին՝ իր անմիջական նեցուկին եւ ցուցմունքներուն համար, հայր Պութրոս Ազարին՝ իր ուղղորդող ներկայութեան համար, հայ դպրոցին առաքելութեան հաւատացող կրթական գործիչներուն՝ իրենց անձնդիր աշխատանքին համար, եւ վերջապէս հայ ծնողներուն, որոնց վստահութեան շնորհիւ այսօր հայ աշակերտը պիտի ուսանի այժմէական եւ ժամանակակից յատկանիշերով օժտուած հայաշունչ եւ հայադրոշմ կրթօճախի մէջ՝ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
Ցուցադրուեցաւ նորաբաց Մխիթարեան վարժարանի ծննդոցին մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան, որ ըսաւ. «Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային ու հոգեւոր Վերածնունդը մեկնարկած եւ խթանած հաստատութիւնն է, որ յառաջընթացի անզուգական կոչումով եւ իր միաբան հայրերու անձնուրաց նուիրումով այսօր եւս, հայ կրթական պատմութեան նոր էջերը արձանագրելու դիտաւորութեամբ, կը խոստանայ լաւագոյն ծառայութիւնը տալ հայ ապագայ սերունդին, լօզունգ ունենալով՝ գործը եւ ո՛չ թէ խօսքը»: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Զէքիեան սրբազանին, Հրայր Սարգիսեանին, Իմատ Աշքարին, հայր Պութրոս Ազարին, Պուշրիէի քաղաքապետին, ճարտարապետ Պերճ Շիշմանեանին, եւ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանին ու իր գլխաւորած անձնակազմին, որոնց բոլորին աջակցութեամբ եւ աշխատանքներով կարելի եղաւ երազը դարձնել իրականութիւն:
Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան իր խօսքի աւարտին փոխանցեց Զէքիեան սրբազանին խօսքը, ըստ որուն, Մխիթարեան միբանութիւնը այս նորաբաց դպրոցով Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը կը վերահաստատէ եւ ինքզինք կը վերանորոգէ, թէ՛ միաբանութիւնը դպրոց չի փակեր, այլ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Ռաուտայի դպրոցին մէջ:
Գեղարուեստական բաժնով «Հայոց Տառեր» եւ «Սիրելի Ուսուցիչ» երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Իմատ Աշքարը, որ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեանին եւ դպրոցի տնօրէնուհիին ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ հայոց այբուբենն ու խաչը կրող նուէրով մը: Ան շնորհաւորեց միաբանութիւնը այս նոր դպրոցին համար եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա փարոս մը պիտի ըլլայ լիբանանեան իրականութեան մէջ:
Գեղարուեստական երկրորդ ընդմիջումով, ելոյթ ունեցան սոփրանօ Օլկա Քիք Քաատի եւ թենոր Շարպէլ Քաատի:շ
Յայտագրի վերջին բաժնով, Զէքիեան սրբազանին բացակայութեան, հայր Պութրոս Ազարէն խնդրուեցաւ փոխանցել իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ թէեւ կրթական համակարգը կը տառապի բազմաթիւ տարաձայնութիւններէ եւ ամբաստանութիւններէ, սակայն երբ կը տեսնենք դպրոց մը, որ նոր հասակ կ՛առնէ կրթական, ազգային, մարդկային եւ ընկերային առաքելութիւն կատարելու համար, այս մէկը կ՛ուրախացնէ մեզ եւ որոշ յոյս կը ներշնչէ: Ան նշեց, որ կաթողիկէ վարժարանները ուրախ են, որ իրենց փաղանգին կը միանայ նոր յանձնառու դպրոց մը, որուն համար շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը, հայ եկեղեցին, շրջանի քաղաքապետը եւ ամբողջ Լիբանանը:
Ա ւարտին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ բացման կարկանդակի հատում: Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան շրջելու նորակառոյց դպրոցին բոլոր բաժինները:
ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ