ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ուրախութեամբ եւ հպարտանքով կ՛ուզեմ ողջունել 108ամեայ ՀՕՄին, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հիմնադրութեան 35րդ տարեդարձը: Համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոց մը՝ լի մարդասիրական ծառայութիւններով, ազգօգուտ եւ հայրենաշէն գործունէութեամբ:
Երբ յետադարձ ակնարկով մը կը փորձեմ վերանայիլ՝ վերաժեւորելու համար 108ամեայ ՀՕՄին 35ամեայ այս միաւորի ծնունդը, անոր անցած ուղին, իբրեւ ականատես վկան ու գործօն մասնակիցը անոր սաղմնաւորման ու կազմաւորման, նաեւ առաջին տկար քայլերէն մինչեւ հաստատակամ յառաջխաղացքը, ամենայն վստահութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ կազմակերպական, հաւաքական մեր կարիքներէն տուայտանքով ծնած ՀՕՄի Արեւմտեան ափի այս գործունեայ միաւորը հարիւր տոկոսով արդարացուց իր գոյութիւնը:
35ամեակին առիթով կ՛արժէ օրհնել տեսիլք ունեցող գաղափարական այն հայորդիները, որոնք աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու եւ յատկապէս քաղաքական ու բնական աղէտներու հետեւանքը կռահելով, նաեւ ՀՕՄը համահայկական ու միջազգային զօրեղ կառոյցի մը վերածելու մտահոգութեամբ, շրջանները կազմակերպելու եւ ամուր հիմերու վրայ դնելու աշխատանքին լծուեցան: Եւ 1984ին ծնաւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը, իր առաջին Շրջանային վարչութեամբ, որուն անդամներն էին ընկերուհիներ՝ Ալիս Մատէնլեան, Յասմիկ Տէրտէրեան, Մաքօ Մկրտիչեան, Աննիկ Սահակեան, Էնն Գէորգեան, Աննիկ Զինտարեան եւ Ալիս Կիւրեղեան. վարիչ քարտուղար՝ ընկ Ժան Գոսագեան:
Շրջանային վարչութիւնը, Կլենտէյլի Պրենտ պողոտային վրայ փոքրիկ սենեակ մը իբրեւ գրասենեակ ունենալով, ոչինչէն սկսելով, անշուշտ վստահելով մասնաճիւղերուն եւ մեր ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան եւ զօրակցութեան, կամաց՝ բայց հաստատ քայլերով փորձեց հասնիլ մարդասիրական եւ բազմատեսակ կարիքներու:
Չորս տարեկան էր միաւորը, երբ 1988ին, անժամանակ ու անտեղի պատահեցաւ ահաւոր երկրաշարժը, սասանելով Հայաստան աշխարհը եւ ցնցելով համայն հայութիւնը: 1988՝ մահուան ու յարութեան թուական, երկրաշարժ եւ Արցախ: ՀՕՄը վերադարձաւ իր սկիզբին, իր գոյութեան իմաստին՝ հայրենիքի օգնութեան սուրբ գործին: Բարեբախտաբար, այս ժամանակ, շնորհիւ ՀՕՄուհիներու ջանքերուն, նաեւ տիկ. Նազիկեանի եւ բարերար Գըրգ Գրիգորեանի նուիրատուութեանց, Արեւմտեան ափի միաւորը սեփականտէրն էր ընդարձակ շէնքի մը, ընկերային ծառայութեան գրասենեակներով միասին: Հոս է, որ կազմուեցաւ երկրաշարժի օգնութեան հիմնադրամը եւ այստեղէն է, որ առաքուեցաւ շտապ օգնութիւնը մեր հայրենի ժողովուրդին: Այնուհետեւ գործունէութեան նոր՝ նոյն ատեն հարազատ ու սիրելի դաշտ մը բացուեցաւ ՀՕՄին առջեւ, ուր հերկելն ու ծաղկեցնելը իւրաքանչիւր ՀՕՄուհիի համար պատիւ եւ բնական պարտականութիւն դարձաւ: Փաստը այն է, որ 1988էն ի վեր Արեւմտեան ափի ՀՕՄուհիները տեղական օժանդակութեանց կողքին ու անոնց զուգահեր, իրենց առաւելագոյնը կը նուիրաբերեն Արցախին ու Հայաստանին, իրագործելով օգտակար ծրագիրներ, որոնցմով կրնայ հպարտանալ ոչ միայն ՀՕՄուհին, այլ իւրաքանչիւր հայորդի, որ ՀՕՄի միջոցով իր լուման կը դնէ ՀՕՄի յարատեւօրէն բաշխուող գանձարանին մէջ:
35 տարիներու բեղուն գործունէութեան տէրերը անցեալի եւ ներկայի յաջորդական Շրջանային վարչութիւններն ու մասնաճիւղերու անդամներն են, իսկ դո՛ւն, հայ ժողովուրդ՝ մղիչ ուժը այդ գործին. դո՛ւն ես, որ քու անվերապահ զօրակցութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ առիթ տուած ես ՀՕՄի նուիրեալներուն՝ իրագործելու հայակերտ ու հայրենակերտ այն բոլոր ծրագիրներն ու գործերը, որոնք կը սատարեն գոյատեւմանդ ու յաւերժութեանդ:
Այսօր, Սփիւռք-Հայրենիք ճանապարհին վրայ, ՀՕՄին վերապահուած է հայապահպանման եւ հայակերտման դերակատարութիւն: Օգնէ՛ անոր բոլոր առիթներով, որպէսզի անիկա կարենայ լաւագոյն եւ առաւելագոյն չափով կատարել իրեն վստահուած դերը: Ներկայութիւնդ մի զլանար կազմակերպուած ձեռնարկներուն, քաջ գիտնալով, որ անոնց հասոյթներով կարելիութիւն ու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծես հասնելու հիւանդին ու որբին, այրիին ու անկարին, կարիքաւոր ու արժանաւոր սաներու, Հայաստանին ու Արցախին: Հոս տեղին է յիշել բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի ՀՕՄուհիներուն նուիրուած հետեւեալ տողերը.
«Եկէ՛ք բանանք սրտերը մեր,
Ու երկարենք ընծայաբեր ափերը մեր,
Ծառայութեան այս քոյրերուն,
Որ անոնք ալ
ճաճա՜նչ ճաճա՜նչ տանին ու տան,
Բաշխեն մեր անձն ու գանձը լայն,
Մեր անծանօթ,
Մեր հեռաւոր՝ բայց սրտամօտ Հայկակներուն,
Ներկայի քոյր, գալիքի գոյն ժառանգներուն»:
35ամեակին առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր ընկերուհիները՝ մաղթելով առաւել ուժ ու կորով:
Թող 35ամեակը խթան ըլլայ, աշխուժացնէ ու զօրացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որպէսզի մեր կազմակերպութեան ուժեղացումով կարելի ըլլայ մեր հաստատ տեղն ու դիմագիծը պահել ընկերային յարափոփոխ կացութեան մէջ, նաեւ դիմագրաւել այն բոլոր մարտհրաւէրները, որոնք կը ներկայանան մեզի աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակներու պատճառով:
Ի վերջոյ, ամէն ազգ իրը, սեփականը պահել ու պահպանելու համար ամէն ինչ կը զոհէ: Ամուր ու հաստատ պահենք մեր կառոյցները, որպէսզի անառիկ մնայ ազգային մեր բերդը:
Եկէք վերանորոգ ուխտով առաւել փարինք մեր կազմակերպութեան ու մեծ խանդով նուիրուինք անոր հետապնդած մարդասիրական ու ազգօգուտ նպատակներուն:
35րդ տարեդարձդ բարի, ճանպարհդ դալա՜ր ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի ժրաջան միաւոր: