ԵՐԵՒԱՆ.- «Պետական կառավարման մարմինները չպէտք է որեւէ կերպ ներգրաւուած լինեն նախընտրական գործընթացներում», կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
«Սա շատ լաւ ժամանակաշրջան է յատկապէս աշխատելու համար, առաւել հանգիստ պայմաններում: Եւ յոյս ունեմ, որ մեր կառավարութեան եւ պետական կառավարման համակարգի յատկապէս այն հատուածը, որը քաղաքականացուած չէ եւ չպէտք է լինի քաղաքականացուած, այս ժամանակը կ՛օգտագործուի ահա այդպիսի կառուցողական նպատակներով», նշեց Փաշինեան:
16 Հոկտեմբերին հրաժարական տուած Նիկոլ Փաշինեան նախընտրական գործընթացներու ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպելու հարցին շուրջ նախորդ երեկոյեան զրուցած էր նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը վստահեցուց, թէ ընտրակեղծարարութիւնը արդէն արմատախիլ եղած է, եւ յետագայ ընտրութիւններով Հայաստան ժողովրդավարութեան նոր էջ մը պիտի բացուի: «Ժողովրդավարութիւնը մեր քաղաքական հաւատամքն է, եւ ժողովրդավարութիւնն այն է, ինչի համար մենք պայքարել ենք: Հայաստանում ժողովրդավարական կառավարումը, օրէնքի գերակայութիւնը, թափանցիկութիւնը, մարդու իրաւունքների պաշտպանուածութեան բարձր մակարդակը, անկախ դատական համակարգն այլընտրանք չունեն ուղղակի», ըսաւ Փաշինեան: