ԻԶՄԻՐ, «Armenia.az ».- Հոկտեմբեր 19ին, Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած թուրք-ատրպէյճանական քարիւղի մշակման «Սթար» գործարանին բացման արարղութեան ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ «անընդունելի» կը համարէ ատրպէյճանական հողերուն քառորդ դարեայ բռնագրաւումը»:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ լռութեամբ ընդունի մեր երկրի եւ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուող այդ տագնապին լուծման ջանքերը: Մենք կ՛ակնալենք, որ միջազգային հանրութիւնը «դադրեցուցէ՛ք» ըսէ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն պատասխանատուներուն», ընդգծց Էրտողան: