ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը կը պատրաստուի դիմելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Այս փուլի պաշտպան Հայկ Ալումեան գանգատի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չէ ուզած յայտնել:
«Խնդիրները, որոնք մենք պէտք է դնենք Եւրոպական դատարանի առաջ՝ տուեալ գործում ներպետական դատարաններն արդիւնաւէտ պաշտպանութեան միջոցներ տրամադրել չեն կարող: Ինչը նշանակում է, որ հայաստանեան ներպետական ատեանները տուեալ գործի համար արդիւնաւէտ չեն, ուստի՝ այս պարագայում դրանց սպառումը Եւրոպական դատարան դիմելու առումով պարտադիր նախապայման չէ», ըսած է Ալումեան:
Քոչարեանի փաստաբանական խումբի մամլոյ խօսնակ Էլեն Առաքէլեան, իր կարգին ըսաւ, որ Եւրոպական դատարան դիմելը կապ չունի կալանքի գործընթացին հետ, որուն վերաբերեալ Վճռաբեկ դատարան բողոքներ ներկայացուած են: