ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հոկտեմբեր 24ին, Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթըն ըսաւ, թէ Ատրպէյճան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին կարեւոր հարցերու շուրջ լուրջ բանակցութիւններ իրականացուցած է երկրին նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ:
«Բանակցութեան նիւթերն էին՝ տարածաշրջանային հարցեր, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ Իրանի կողմէ հովանաւորուող ահաբեկչութիւնն ու հիւլէական զէնքի մշակումները կանխելու Միացեալ Նահանգներու քայլերը: Շօշափուեցան նաեւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս՝ «Հարաւային միջանցք» կազի փոխադրութեան ծրագիրը», ըսաւ ան՝ ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան:
Պատասխանելով Արցախի հակամարտութեան վերաբերող հարցումներուն, Պոլթըն ըսաւ, թէ այդ գծով նոր առաջարկներ չէ բերած՝ աւելցնելով. «Ես մտադիր եմ աւելի լաւ հասկնալու եւ ուսումնասիրելու այս կամ այն հարցերը։ Կը հաւատանք, որ այդ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը միջազգային հսկայական նշանակութիւն պիտի ունենայ: Ես շնորհակալ եմ Ատրպէյճանի նախագահին, որ կիսեց իր պատկերացումները՝ տագնապի կարգաւորման իր հեռանկարին վերաբերեալ: Վաղը Երեւան պիտի գտնուիմ եւ յոյս ունիմ այդ հարցը քննարկել Հայաստանի ղեկավարներուն հետ: Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ երկիր՝ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ ջանքերը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիներ գտնելու համար»: