ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի տարած բուռն պայքարէն ետք, այլախոհ լրագրող Տենիզ Եիւճել ազատ արձակուեցաւ թրքական բանտերը առաւել քան մէկ տարի «վայելելէ» ետք, իսկ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան բանեցուցած ծանր ճնշումներուն տակ կարելի եղաւ ազատ արձակել պատուելի Պրանսընը: Այս զարգացումները անգամ մը եւս ուշադրութեան առարկայ դարձուց Օսման Քաւալայի բանտարկութիւնը։ Ան իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի զուրկ էր նման արտաքին զօրակցութիւններէ եւ այս պայմաններուն տակ արդէն ամբողջուցած է իր բանտարկութեան առաջին տարին:
Ան ամբողջ տարի մը ենթարկուած է ծանր մեղադրանքի, բայց իր դէմ յարուցուած մեղադրանքները չեն կրցած հիմնաւորուիլ օրինական ամբաստանագիրի մը ձեւով: Արդարեւ, մեզի կը վիճակուի ամէն առիթով հասարակութեան յիշեցնել այս անարդարութիւնը եւ այդպէսով զօրակցիլ մեր բարեկամ Օսման Քաւալային:
Նշենք, որ «Անատոլու Քիւլթիւր» կազմակերպութեան նախագահ Օսման Քաւալա, որ ծանօթ է իր հայանպաստ կեցուածքներով, ձերբակալուեցաւ Կիւլենի շարժումին հետ կապերու շուրջ կասկածներու հիման վրայ: Ան կտրուկ կերպով կը հերքէ այդ պնդումները: