ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերին, ընդունեց Սան Հոզէի (Սիլիքոն հովիտ) պետական համալսարանի տնօրէն դոկտ. Մէրի Փափազեանը:
Ողջունելով հիւրը՝ Յարութիւնեան անոր ներկայացուց բարձրագոյն կրթութեան երեք աստիճաններու բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները: Ըստ անոր՝ բարեփոխումներու փուլին կարեւոր են Մէրի Փափազեանի նման մեծ աւանդ ունեցող մասնագէտներու կառավարման եւ մասնագիտական փորձառութիւնը եւ գիտելիքները:
Իր հերթին, դոկտ. Մէրի Փափազեան գնահատեց Հայաստանի կրթութեան համակարգի բարեփոխումներուն միտուած նոր իշխանութիւններուն ջանքերը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցութիւն ցուցաբերելու ուսուցիչներու վերապատրաստման, ուսումնական ծրագիրներու, կրթակարգի վերամշակման եւ այլ գործընթացներուն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ գիտակրթական ոլորտին վերաբերող այլ հարցերու: