ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 2 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Ազգային առաջնորդարանի եւ գաղութի բարերարուհի Ալիս Նաւասարգեանի այցելութիւնը։
Հանդիպումին ներկայ եղաւ առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան։
Ալիս Նաւասարգեան սիրայօժար ստանձնած է Տիկնանց օժանդակ մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառի հիւրընկալութիւնը եւ այս նպատակին համար կը նուիրէ 10,000 տոլար։
Սրբազանը ողջունեց ազնիւ բարերարուհիին այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց անոր յարատեւ զօրակցութիւնը՝ Ազգային առաջնորդարանին եւ գաղութի ծառայութիւն մատուցող միութեանց ու հաստատութեանց, նշելով, որ Ամանորի յիշեալ ձեռնարկին հիւրընկալման քայլը նորագոյն արտայայտութիւն մըն է անոր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն։
Ամանորեան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11։30էն սկսեալ, «Պրենտվիու» ճաշասրահին մէջ (111 East Harvard St., Glendale), հովանաւորութեամբ առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ Տիկնանցին։
Տոմսերու համար կարելի է դիմել Ազգ. առաջնորդարանի գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (818) 248-7737 թիւին կամ Տիկնանցի անդամներուն:
Մուտքի նուէրը 60 տոլար է։