Համահայկական ամառնային խաղերը 2019ին տեղի պիտի ունենան Օգոստոսին:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խաղերուն բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ, 6 Օգոստոսին, իսկ հանդիսաւոր փակումը՝ 17 Օգոստոսին, Երեւանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Արցախփրէս»ը:
Համահայկական խաղերը պիտի իրականացուին 7րդ անգամն ըլլալով: Մինչ այս խաղերը տեղի ունեցած էին Երեւանի մէջ: