ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Տիգրանակերտէն երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ, երբ կը խօսուէր կրթական նախարարութեան ամավարկին մասին։
Փայլան այս անգամ արտայայտուեցաւ երկրին պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գործածուած կարգ մը հակահայ նախադասութիւններուն դէմ։ Ան պատմեց, որ երբ կ՛ուսանէր պետական դպրոցի մը մէջ, ուսուցիչը ըսած էր, որ հայերը կռնակէն դաշունահարեցին թուրքերը։ Այդ վայրկեանին բոլորը իրեն նայած էին, որովհետեւ գիտէին թէ ինք հայ է։
Փայլան ըսաւ, որ պատմութեան դասագիրքերէն պէտք է վերցուին այսպիսի արտայայտութիւնները, որովհետեւ անոնք լուրջ հարցեր կը ստեղծեն։ Ան նաեւ պատմեց, որ բանակային ծառայութեան շրջանին, երբ իր լաւագոյն ընկերը յանկարծ իմացած էր, որ ինք հայ է, նուաղած էր, իսկ ուշքի գալէն ետք զարմացած՝ իրեն ըսած էր. «Բայց դուն լաւ մարդ ես»։
«Նման պարագաներու պատճառը անոնց հայրերը ներկայացուած են սխալ կերպով եւ այս բոլորը պէտք է սրբագրուին», ըսաւ Փայլան։
Կարգ մը թրքական լրատուական գործակալութիւններ արձագանգ հանդիսացան Փայլանի այս ելոյթին եւ անոնցմէ ոմանք այս լուրը հաղորդեցին «Ըստ Փայլանի՝ Հայերը Թուրքերը Չեն Դաշունահարած Եղեր» խորագիրին տակ, կասկածի տակ առնելով անոր խօսքը եւ շարունակելով իրենց հակահայ արշաւը։