ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայաստան-Թուրքիա սահմանէն միայն 50 մեթր հեռու գտնուող պատմական հայկական Կարս նահանգի Քիլիթթաշ գիւղին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք լքուած հայկական տուները բնակեցուած են մօտակայ բնակավայրերէ բերուած քիւրտերով։ Կարսի Տիկոր շրջանին մաս կազմող այս բնակավայրը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր իւրայատուկ գեղեցիկ բնութեամբ: Գիւղը Հայաստանէն կը բաժնէ Ախուրեան (Արփաչայ) գետը: Ներկայիս բնակիչները կը պատմեն, որ վերջին հարիւր տարիներուն Քիլիթթաշի մէջ որեւէ նոր տուն չէ կառուցուած եւ բոլորը կը շարունակեն բնակիլ հայերու լքած տուներուն մէջ։ «Մենք մինչեւ այսօր հայերու տանիքներուն տակ կ՛ապրինք», խոստովանած է գիւղացի մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.