ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ինթերվաքս Ատրպէյճան» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ Պաքու կը քննարկէ Միլանի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը կազմակերպելու վերաբերեալ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկը:
Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ղեկավարող կառոյցի՝ Նախարարներու խորհուրդի նիստը պիտի գումարուի 6 Դեկտեմբերին, Միլանի մէջ: