ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Դամասկոսի «Ալ Ասատ» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան լրագրող Պիլալ Ահմատ:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզը:
Դեսպան Փօլատեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Ղարաբաղի հարցը արդարադատութեան հարց է եւ ունի մարդկային իրաւանց բնոյթ, որովհետեւ անիկա հարցն է ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները խլուած են այլ իշխանութիւններու կողմէ՝ թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, որ կը միտի տարածաշրջանի պատմութիւնը աղաւաղել եւ հերքել Արցախի պատկանելիութիւնը Հայաստանի:
«Տար Ալ Շարք» հրատարակչատան տնօրէն Նապիլ Թաամէ, խօսք առնելով՝ ընդգծեց պայքարի հանգիտութիւնը սուրիացի եւ հայ երկու ժողովուրդներուն՝ թրքական բռնատիրութենէն ձերբազատելու ի խնդիր:
Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց գիրքը եւ անոր բաժանմունքները, որոնց մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ տարածաշրջանի պատմականին, շրջանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու թուրքերու ջանքերուն եւ հայերուն հանդէպ անոնց խտրականութեան քաղաքականութեան, օսմանեան կառավարութեան իրագործած Ցեղասպանութեան, Արցախի կարգավիճակին մասին՝ Խորհրդային միութեան շրջանին եւ զայն Ատրպէյճանին կցելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան ձեռքբերման ի խնդիր տարուած բանակցութիւններուն: