Հայկական դրամանիշի՝ «Դրամ»ի հաստատման 25ամեակին առթիւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հրապարակ հանեց յոբելենական շարք մը թղթադրամներ: Անոնցմէ յատկապէս երկուքը խիստ դժգոհութիւն պատճառած են Թուրքերուն:
Նշեալ երկուքին պարագային՝ տուն տուած պատճառները անհեթեթ են եւ դժուար է ընտրել, թէ ո՞ր մէկը կը գերազանցէ միւսը, անհեթեթութեան ոճին մէջ: Այդ թղթադրամներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Սարոյեանի նկարը: Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ տրամաբանութեամբ եւ ինչպիսի՛ համարձակութեամբ թուրք մամուլը «անպատշաճ» գնահատեց պիթլիսցի ընտանիքի մը զաւակ Սարոյեանի, հետեւաբար ծագումով պիթլիսցի մէկու մը նկարը տեղ գտած ըլլայ հայաստանեան թղթադրամին վրայ:
Իսկ ներկայիս ալ կը քննադատուի յոբելենական այլ թղթադրամ մը՝ այլ պատճառաբանութեամբ: Արդարեւ, հրապարակ հանուած է նաեւ հաւաքածոներու 500 դրամի թղթադրամ մը, որ կոչուած է «Նոյեան Տապան»: Անոր վրայ կը տեսնուի Նոյեան տապանը խորհրդանշող անասուններու ետին՝ Արարատ լեռը: Թուրք մամուլը այս անգամ ալ գրած է, թէ դրամին վրայ Արարատի պատկերին գործածութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան նկրտումներ ունի այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Աղրը (Արարատ) լերան նկատմամբ: