ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Համազգային Դամասկոսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Համազգայինի 90ամեակին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Նոյեմբերին, «Ամինեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան, կաթողիկէ հայ համայնքէն Գէորգ վրդ. Պահէեան, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ համազգայնականներու հոծ բազմութիւն մը:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ հանդիսութիւնը:
Վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըգլեան, որ ըսաւ. «Որքան ճանչնանք մեր մշակոյթը, այնքան աւելի կը սիրենք զայն ու կ՛անդրադառնանք անոր արժէքներուն: Մեր մշակոյթը հարուստ է, գեղեցիկ եւ հաճելի, պէտք է գուրգուրանք ցուցաբերել անոր իբրեւ համամարդկային արժէք նաեւ, որ կը հարստացնէ համայն մարդկութեան մշակութային կեանքը: Մշակոյթն է մեր ժողովուրդի գոյութեան հիմքը, իսկ Համազգայինը անոր ջատագովը եւ միջոց մը զայն պահելու, զարգացնելու ու տարածելու»:
Այնուհետեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը հրամցուեցաւ հանդիսականներուն: Սէրլի Պրունսուզեան (ջութակ) ելոյթ ունեցաւ տպաւորիչ կատարումով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժանէթա Պրունսուզեանի:
Ազգային եւ ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ Մեղրի Պետիրեան-Ապաճեան. անոր դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Նարեկ Ապաճեան: Ապա Ասպետ Քելխաչերեան ազգայնաշունչ երգերով ոգեւորեց ներկաները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի:
Ռուզան Բենդէզեան- Սեւերեկլեան ասմունքեց Գէորգ Էմինէն քերթուած մը:
Խումբ մը ազգագրական պարերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Գեղարդ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Սուրէն Քիրազեանի:
Օրուան բանախօսն էր Եսայի Հաւաթեան, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Այնճարէն: Ան անդրադարձաւ Համազգայինի հիմնադրութեան եւ 90 տարիներու իրագործումներուն՝ դիտել տալով. «Մտաւորականներ՝ Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ, որոնք Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու սերունդէն էին, քաջ կը գիտակցէին, որ հայ ժողովուրդը Սփիւռքի տարածքին կարիքը ունէր պահելու իր ազգային ինքնութիւնը՝ մշակոյթը, օտար մշակոյթներու խառնարանին մէջ: Այդ հրամայականէն մեկնած անոնք ծնունդ տուին Համազգայինին, որուն առաքելութեան առանցքը եղաւ կառչած պահել հայ ժողովուրդը իր մշակոյթին ու հայրենիքին: 90ամեակէն անդին, մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացման հրամայականը, մանաւանդ համաշխարհայնացման շլացուցիչ երեւոյթները, որոնք իրենց յորձանուտին մէջ կը կլանեն նոր սերունդը, մեզ կը դնեն նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Հետեւաբար, մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է Համազգայինին՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ մանաւանդ ներգրաւելու երիտասարդութիւնը իր գործունէութեան մէջ, վստահութիւն եւ առիթ ընծայելով անոնց՝ գործելու ներկայ մարտահրաւէրներուն համահունչ»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միութեան 90ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումով եւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը: