Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրականացուցին «Տոչկա» հրթիռային համակարգի փորձնական արձակում: Հրթիռը ճշգրիտ կերպով խոցեց պայմանական թիրախը՝ 65 քիլոմեթր հեռաւորութենէ: Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռէն հեռարձակուող «Զինուժ» հաղորդաշարը բացառիկ նիւթ պատրաստած էր «Տոչկա» հրթիռային համակարգի փորձնական արձակման մասին:
Հանրութիւնը նիւթը դիտելու կարելիութիւնը պիտի ունենայ 1 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:45ին, Հանրային կայանի եթերով:
«Զինուժ Մեդիա»ն youtube.com-ի վրայ արդէն տարածած է նիւթէն կարճ հատուած մը, ուր կարելի է տեսնել «Տոչկա»ի համազարկը: