24էն 26 Նոյեմբեր, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ խումբ մը հայ գործարարներու եւ բարերարներու հետ:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին՝ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր։
Բակօ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայրենակիցները աշխուժօրէն կը մասնակցին Արցախի զարգացման աշխատանքին, յոյս յայտնելով, որ համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ ապագային: