20 Նոյեմբերին, հովանաւորութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Պաղտատի մէջ կայացաւ «Խաղաղութիւն Եւ Սէր» խորագիրով ֆութպոլի եկեղեցական խումբերու մրցումը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին:
Պաղտատի 10 եկեղեցիներու մարզական խումբերուն մէջ առաջնութեան արժանացաւ «Սէյիտէթ ալ-Նաճաթ» եկեղեցւոյ խումբը: Յաղթող խումբին եւ մասնակից խումբերուն բաժնուեցան մրցանակներ եւ յուշանուէրներ:
Մրցանակները յանձնեցին Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, անդամները եւ ՀՄԸՄի ատենապետը: