ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ՍԵՎԱՄի Մարզական յանձնախումբը այս տարի եւս կազմակերպեց Հալէպի հայկական միջ-վարժարանային մարզական մրցաշարքը:
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Նոյեմբերին, որ կը զուգադիպէր ՀՄԸՄի հիմնադրութեան տարեդարձին, յետմիջօրէի ժամը 3ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հոգաբարձութեանց, մարզիչներու եւ աշակերտներու:
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին: Օրուան բեմավար Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ՍԵՎԱՄի յանձնախումբի կազմակերպած մրցաշարքին նպատակները:
ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան արտասանեց Շրջանային վարչութեան խօսքը: Ան յայտնեց, որ 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքը նուիրուած է ՀՄԸՄի 100ամեակին: Ապա ան ողջունեց հալէպահայ ութը վարժարաններու տնօրէնութիւնները, հոգաբարձութիւններն ու ուսուցչական կազմերը եւ աշակերտներուն աշխոյժ մրցակցութիւն մաղթեց: Ազարիկեան հրաւիրեց մրցաշարքին մասնակցող աշակերտները, որոնք իրենց վարժարանին անունը կրող ցուցատախտակներով տողանցեցին:
Ապա խօսք առաւ ՍԵՎԱՄի յանձնախումբի ատենապետ Եղիա Քիլէճեան: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄը հիմնադրուած օրէն կը միտի մարզական առոյգ ոգին սերմանելու հայ նոր սերունդին մէջ եւ ընկերային առողջ մթնոլորտ ստեղծելու անոնց համար: Ան յայտնեց, որ այս տարի նոր մարզախաղեր աւելցած են մրցաշարքին (աթլէթ, լող, քարաթէ եւ քունկ ֆու):
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին եւ Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան՝ վարժարանի շրջափակն ու սրահը տրամադրելնուն համար:
Այնուհետեւ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ գնահատեց 100ամեայ ՀՄԸՄը, որ նոյնիսկ տագնապի տարիներուն կազմակերպեց այսպիսի ձեռնարկներ:
Ապա ներկաները ուղղուեցան «Փոլատեան» սրահ, ուր վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ մարզիչներ Յակոբ Միսաքեան, Մկօ Սումպիւլեան եւ Միրէյ Թիւթիւնճեան փինկ-փոնկի ցուցադրական խաղով կատարեցին մրցաշարքին բացումը: Այնուհետեւ ընթացք առին վարժարաններու աշակերտներուն մրցումները: