ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ի առաւօտեան, Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութեան խանդավառութիւնը համակած էր մթնոլորտը եւ բոլորը կազմ ու պատրաստ էին այդ օրուան յատուկ ծրագիրները իրագործելու:
Արդարեւ, Հայ Քոյրերու վարժարանի «Դէպի Աշխուժութիւն» աւադնական ծրագիրը այս տարի անգամ մը եւս յաջողութեամբ իրագործուեցաւ, համագործակցութեամբ եւ համատեղ ջանքերովը տնօրէնութեան, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:
«Դէպի Աշխուժութիւն» ծրագիրը հանգանակային քայլարշաւ մըն է, որուն ընթացքին դպրոցի աշակերտները, ծնողները եւ ուսուցչական կազմը մեծ խանդավառութեամբ կը քալեն դպրոցի շրջանը՝ Մոնթրոզ քաղաքին մէջ, մօտաւորապէս երկուքուկէս մղոն, իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցընելով եւ ըմբոշխնելով Քալիֆորնիոյ պայծառ աշնանային առաւօտը:
Ծրագիրը սկսաւ ճիշդ առաւօտեան աղօթքի արարողութենէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան դէպի դպրոցի շրջափակը, ուր մարզիչ Կարապետեանի ցուցմունքներով ներկաները պատրաստուեցան քալելու, մինչ DJ-ի խանդավառ երաժշտութիւնը աւելի աշխուժութեան կը մղեր զիրենք:
Այդ ուրախ եւ եռանդուն մթնոլորտին մէջ, աշակերտութիւնը նախ լուսանկարուեցաւ, ապա ծայր առաւ քայլարշաւը՝ առաջնորդութեամբ ութերորդ դասարանի աշակերտներուն, մինչ մանկապարտէզի աշակերտները բաւարարուեցան վարժարանի շրջափակին մէջ քալելով։
Կամաւոր ծնողներ աշակետներուն ջուր հայթայթելու պարտականութիւնը ստանձնած էին։ Աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն՝ քալեցին Մոնթրոզ քաղաքի հանդարտ եւ գեղեցիկ փողոցներով, ուշադրութիւնը գրաւելով շրջապատին, քալող մարդոց եւ խանութպաններուն. աշակերտները ուրախութեամբ գործադրեցին ծրագիրի նպատակը, միաժամանակ ընկերային հաճելի պահեր եւ ֆիզիքական կայտառութիւն ապահովելով ամբողջ մէկ ժամ քալելով, որմէ ետք յաղթական վերադարձան դպրոց, դիմաւորուելով ուրախ երաժշտութեամբ:
Կարճ դադարի մը համար, աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանի «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր հիւրասիրուեցան սննդարար պտուղներով եւ հայկական պանիր-հացով։ Անոնք բնաւ հանգիստ ընելու մասին չէին մտածեր, ընդհակառակը հայկական պարեղանակներու երաժշտութիւնը զիրենք հրաւիրեց բեմ եւ ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ պարեցին մինչեւ յաջորդ հանգրուան, երբ սկսաւ «հուլահուփ»ի մարզանքը:
Կէսօրուան ժամերուն վարժարանի բակը գունազարդուած էր հուլահուփերու գոյներով, որուն վրայ կ՛աւելնար աշակերտներու կարմիր տարազները։ Բոլորը՝ մեծով, պզտիկով, անսանձ կը շարժէին զիրար վարակելով ուրախութեամբ եւ հրճուանքով: Մէկ ժամ ամբողջ դպրոցի աշակերտները հետեւեցան պատասխանատուին հրահանգներուն, ըմբոշխնելով կատարուածը, թնդացնելով վարժարանի շրջափակը, որ առաւել եւս գեղեցկացած էր այդ օր հայ մանուկի ու պատանիի ժպտացող աչքերով ու խանդավառ ներկայութեամբ:
Վարժարանի մեծ ընտանիքը հաճելի եւ ուրախ օր մը անցուց եւ ժամանցի ընդմէջէն կոկիկ գումար մը հանգանակեց՝ հոգալու վարժարանին պէտքերը, միշտ սկզբունք ունենալով լաւը հասցնելու լաւագոյնին եւ կատարեալին:
Այսպիսով անգամ մը եւս Հայ Քոյրերու վարժարանի ծրագիրներէն մէկը յաջողութեամբ աւարտեցաւ, իրականացնելով անոր ետին կանգնած նպատակը, որուն համար վարժարանի տնօրէնութիւնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն, ծրագիրը յաջողցնողներուն եւ նուիրատուներուն:
Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն որոնց շնորհիւ երէկ, այսօր եւ վաղը հայ դպրոցը պիտի շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը դաստիարակելու հայ մանուկն ու պատանին ազգային գիտակցութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ: