ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբերի կէսօրին, Ազգային առաջնորդարանը ժամադրավայրը եղաւ Արեւմտեան թեմին ու հայրենի հիւրերու միջեւ հանդիպումի մը, որուն կիզակէտը Արցախն ու անոր օժանդակութեան ծրագիրներն էին։
Արդարեւ, թելեթոնին առիթով Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւորականաց դասու եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Արցախի նախագահին ու թեմակալ առաջնորդին կ՛ընկերանային նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան։
Հիւրընկալ սրբազանին կողքին էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան, Մայք Սարեան եւ Գեւիկ Պաղտասարեան, որոնք մասնակցութիւն կը բերեն հայրենաշէն աշխատանքներու։
Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ։ Առաջնորդը ողջունեց Պարգեւ սրբազանին եւ նախագահ Սահակեանի ու ընկերակիցներուն ներկայութիւնը Ազգի Տան մէջ, վերահաստատեց թեմին ու ընդհանրապէս հայութեան զօրակցութիւնը՝ Արցախին ու անոր վերականգնումի աշխատանքներուն, որոնք հետեւողականօրէն նոր թափ կը ստանան ու պէտք է շարունակուին թափանցիկութեան մթնոլորտի մէջ։
Արցախի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, որ տարիներու աւանդութիւն է արդէն, հաստատեց, որ Արցախի պաշտպանութեան ու կառուցման երթը կը շարունակուի քայլ առ քայլ, դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով. Արցախի ժողովուրդը իր կողքին կը զգայ հայութեան հաւատարմութիւնն ու օժանդակելու պատրաստակամութիւնը, իսկ անցեալ տարիներու իրագործումները հիմք կը ծառայեն յառաջիկայ երթին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը ունի նոր եւ ձեռներէց պատասխանատու մը, որուն հետ կը մշակեն նոր ծրագիրներ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «հոգեհարազատ թեմ»ին՝ հետեւողական զօրակցութեան համար։
Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ Պարգեւ սրբազանը՝ ջերմ ընդունելութեան համար։
Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան կազմին անունով բարի գալուստ մաղթեց յարգելի հիւրերուն, ու բաղձանք յայտնեց, որ յառաջիկային, թելեթոնները ծառայեն նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելու, օժանդակութեան ապահովումը շարունակուի նաեւ թելեթոններու հանգրուանէն անդին։ Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ Արցախի պետութեան ու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին համար, պաշտպանութեան դաշտը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի, բանակայինները յատուկ հոգածութեան կ՛արժանանան, աշխատանք կը տարուի, որ աջակցութեան ապահովումը շարունակուի նաեւ հանգանակային այս տարեկան նախաձեռնութենէն ետք եւս։ Ան շեշտեց, որ օժանդակութիւնները միայն դրամական գումարներով չեն դատուիր, եւ այս առիթով, բարձր գնահատեց բժշկական ու այլ աշխատանքային խմբակներու Արցախ այցելութիւնները, որոնք մեծապէս բարեփոխած են ժողովուրդին կեանքը։ Ան յիշեցուց, որ 2013ին կը խօսուէր Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու ծրագիրին մասին, այսօր անիկա իրականացած է եւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի կարեւորութիւն ունի Արցախի համար, մանաւանդ որ կը կանգնինք թշնամիի մը դէմ, որուն արագ հակահարուած տալու պատրաստ պէտք է ըլլալ։
Տեղի ունեցաւ կարճատեւ զրոյց՝ Արցախի ծրագիրներուն եւ կարիքներուն մասին։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Այնուհետեւ, առաջնորդն ու յարգելի հիւրերը իրենց ընկերակիցներուն հետ անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրընկալում։
Հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Առաջնորդ սրբազանը բարեմաղթութիւններ կատարեց Արցախի բարօրութեան ու առաջնորդներուն յաջողութեան ի խնդիր։ Բարի մաղթանքներ արտայայտեցին նաեւ առաջնորդական փոխանորդը, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ ու բարերարներ։ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի վարիչ տնօրէնն ու Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին, ընդգծելով, որ թելեթոնը հայրենիքին նպաստելու կարեւոր միջոց մըն է։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս ողջունեց հայրենի հիւրերուն ներկայութիւնը եւ հաստատեց մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն զօրակցութիւնը՝ թելեթոնին։ Ան հրաւիրեց նախագահ Բ. Սահակեանը՝ արտասանելու իր խօսքը։
Արցախի հանրապետութեան նախագահը կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ հարկադրաբար հայրենիքէն դուրս ապրող հայութիւնը կը զգայ հայրենիքին հետ, յարատեւօրէն կը զօրակցի հայրենաշինութեան։ Ան շեշտեց, որ անցեալին ունեցած ենք կորուստներ, մեզմէ պարտադրաբար հող խլած են, սակայն վճռած ենք որ անցեալի սխալները չկրկնուին, ոչ միայն պիտի պահպանենք մեր հողերը, այլ նաեւ ազատագրենք ինչ որ հայկական է։ Ան շեշտեց, որ «մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք, երբեւիցէ չենք ուզած տիրանալ ուրիշին ստեղծածին, սակայն նախանձախնդիր ենք, որ ուրիշը չտիրանայ մեր ստեղծածին»։ Ան նշեց, որ հայրենիքի ծառայութիւնը երջանկութիւն կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայորդիի, հայրենիք այցելողները ուղղակի հաղորդակից կ՛ըլլան անոր հողին ու բոյրին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Կիլիկեան աթոռը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մուշեղ սրբազանին եւ այլ առաջնորդներու գլխաւորութեամբ, զօրակից են հայրենանպաստ աշխատանքներուն։ Ան եզրափակեց՝ շնորհակալութեան խօսքով։
Պարգեւ սրբազանը առաջնորդեց փակման աղօթքը։