ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, իր 100ամեակը տօնող ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին մաս կազմող ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40ամեակը:
Տօնակատարութեանց գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերին, Փոքրիկ Հայաստանի «Տաղլեան» սրահին մէջ, իսկ անոր ընթացքին պիտի մեծարուի մասնաճիւղի երկարամեայ անդամներէն Արմոնտ Գորգորեան:
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին օրերէն անոր անդամ դարձած Արմոնտ Գորգորեան ծնած է Թեհրան եւ աշակերտական օրերէն յատուկ սէր ունեցած է մարզանքներու նկատմամբ եւ երկրորդականէն շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք անդամակցած է տեղւոյն Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը՝ 1978ին։
Իրանի մէջ, ան եղած է պետական համալսարանի պասքեթպոլի հաւաքականին խմբապետ եւ մաս կազմած է Իրանի երիտասարդական ազգային հաւաքականին, ինչէպս նաեւ խմբապետը երկրին համալսարանական խումբին։
Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք, ան իր կնոջ եւ երկու երեխաներուն հետ անդամակցած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, ստանձնելով շարք մը պատասխանատու պաշտօններ, ինչպէս՝ մարզական բաժանմունքի ատենապետ, մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ ատենապետ, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ, միաժամանակ շարունակելով մարզել մասնաճիւղի շարք մը պասքեթպոլի խումբեր, ինչպէս նաեւ ստանձնելով Գանատայի մէջ կայացած Համա-ՀՄԸՄական անդրանիկ խաղերուն մասնակցած Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի պասքեթպոլի հաւաքականին մարզիչի պարտականութիւնը։
Արմոնտ Գորգորեան նաեւ ծառայած է շարք մը ոչ-հայկական կազմակերպութեանց։ Ան երեք տարիներ եղած է Կլենտէյլի Կարմիր Խաչի վարչութեան անդամ, իսկ 1995-2003 տարիներուն եղած է Կլենտէյլ քաղաքի Փոխադրական հարցերու յանձնախումբի անդամ։
Իր նուիրեալ սպասարկութիւններուն համար, Արմոնտ Գորգորեան մեծարուած է շարք մը կազմակերպութեանց կողմէ, ներառեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ։