ՊԵՐՃ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խոր ցաւով իմացայ վաղաժամ մահուան ցնցիչ գոյժը տոքթ. Գէորգ Քէշիշեանին, եւ ուշ գիշերուան հեւքին մէջ, յուշերով օրօրուն ու կիսարթուն, հոգի ալեկոծող զգացումով ու խոնաւ աչքերով, կը փորձէի թուղթին յանձնել մտորումներս անցեալի… Ու երեկոն դարձաւ «տխուր եւ ամայի՝ ինչպէս թաղար մը առանց ծաղիկի…»:
Այսօր, հակիրճօրէն կը փափաքիմ՝ մտքիս պրիսմակէն ձեզի փոխանցել տոքթ. Գէորգ Քէշիշեանի մարդկայնական յատկանիշները, համոզումները ու մանաւանդ սիրոյ գաղափարին նկատմամբ ունեցած իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը որ կը կազմէր իր էութեան խորքն ու կորիզը:
Բարձր բարոյական սկզբունքներով ու մտաւորական լի պաշարով օժտուած անձ մըն էր տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան: Ոչ միայն մարմնի այլ նոյնիսկ հոգիի բժիշկ էր, սրտի ու մտքի խուզարկող, սիրոյ ու բարիութեան մարմնացում, ազնուական եւ ուղղամիտ ու սուրբի մը նման անսայթաք նկարագիրի տէր: Ունէր պատկերաւոր հարուստ բառապաշար, վկայ՝ հեղինակած չորս բժշկագիտական հատորները՝ որոնք լուսաւորեցին միտքերը բոլոր ընթերցասէր հայութեան ի Սփիւռս եւ ի Հայաստան աշխարհի…:

Ճշմարտախօսութիւնը անջնջելիօրէն դրոշմուած էր իր հոգիին մէջ ու դարձեր բնաւորութեան հիմնական յատկանիշներէն մէկը: Նկարագիրով՝ գաղափարապաշտ ու խորապէս սկզբունքային համոզումներու տէր, սիրալիր եւ ազնուասիրտ՝ հաճելի խօսակից մըն էր:
Չէր սիրեր աւելորդ փառաբանութիւնը եւ յաճախ կը կրկնէր աշխարհահռչակ հնդիկ փիլիսոփայ Ռապինտրանաթ Թակորի խօսքը. «Անտեղի գովասանքը վիրաւորանք է…»:
Այնքան մաքրամաքուր էր նկարագիրով՝ որ երբեմն սակայն, զոհը դարձաւ պարկեշտութեան… Բայց լաւագոյնս գիտէր գնահատել արժէքներ… Եւ երբ զայրանար, արցունքը ոչ թէ աչքերէն, այլ հոգիէն ու սիրտէն կը հոսէր:
Բնաւ չզիջեցաւ վասն շահի ու փառքի… տարակարծութիւններ տեսակէտի՝ հաւանաբար, բայց թշնամիներ՝ երբեք…: Տիպար մըն էր համեստութեան ու մարդկային առաքինութիւններու: Շնորհիւ իր անբասիր նկարագիրին ու նուիրուածութեան, կը վայելէր սէրն ու համակրանքը իր շրջապատին:
Տոքթ. Քէշիշեան՝ այն, ինչ կը խորհէր եւ կը զգար՝ անվերապահօրէն կ՛արտայայտէր…: Բնաւորութեամբ՝ լայնախոհ ու համբերող էր, փափկանկատ եւ թոյլատու, բայց եւ սկզբունքային՝ իր մտածելակերպով, ճշմարտախօս եւ պարկեշտ՝ նկարագիրով: Ոչ փառասէր էր եւ ոչ ալ փառամոլ, ու բնաւ չեղաւ «շքանշանի մուրացկան մը», կամ համբաւի գնորդը, այլ մնաց միշտ համեստ եւ զգայոււն ՄԱՐԴը, խորաթափանց մտաւորականը, որ անկաշառ խղճմտանքով կը դիմադրէ ընկերային կեանքի բոլոր զեղծումներուն ու պաշտպան կը կանգնէր բոլոր անոնց, որոնք զոհերն էին անարդարութեան:
Իբրեւ ամուսին, իբրեւ հայր, իբրրեւ մեծ հայր, իբրեւ հայ անձ, գլխագիրով իսկական ՄԱՐԴն էր, բարոյական բարձր սկզբունքներով: Գերագոյն եւ հաճելի վայելք էր զինք տեսնելն ու խօսակցիլը… Կեանքը ամբողջութեամբ եղած էր սիրոյ եւ ճշմարտութեան զոհաբերող ծառայութիւն:
Տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան, ամուսնանալով Սեսիլին հետ, բախտաւորուած էր երկու պատուական զաւակներով, յանձինս Ալէքին եւ Ալինին, ու վեց տասնեակ երկար տարիներու ընթացքին, սիրով ու տենդով եւ հեզասահ ընթացքով կազմեցին հոյակապ եւ սքանչելի ընտանիք մը:
Բնաւորութեամբ յարգալիր էր Գէորգը եւ կնամեծար, ու Սեսիլը՝ պահապան հրեշտակի մը նման եւ օրինակելի հոգատարութեամբ, անսահման սիրով ու գուրգուրանքով խնամեց իր երկրորդ կէսը՝ մինչեւ իր ամուսնոյն կեանքի աղջամուղջը:
Տոքթ. Քէշիշեան բնաւ մինակ չէր զգար, յաճախակիօրէն կ՛ընթերցէր եւ տեղին է շեշտել, թէ առանձնութիւնը մտաւորական մարդուն իւրայատուկ պահանջքն ու հաճոյքն են միանգամայն, քանզի հոգեկան ու մտային արժէքներու ամբարումով է որ կը կերտուի գաղափարներու հսկայական համալիրը:
Անհունօրէն կը հաւատար սիրոյ գերագոյն զօրութեան: «Սէրը կուռքն էր իր կեանքին, վսեմագոյն ապրումը…»: Ատելութիւն բառը գոյութիւն չունէր իր բառարանին մէջ… Կը սիրէր հակառակորդն անգամ, սիրոյ գաղափարը պաշտողն էր ան ու կը հաւատար «ոչ ոք պէտք է ատէ այն, ինչը իր հոգին կրնայ սիրել…» գաղափարին:
«Ու կեանքի նեկտարը ըմպած սիրոյ գաւաթով», անժամանակօրէն հեռացաւ մեզմէ անձ մը, որուն «ձեռքէն ինկող քարն իսկ կը դառնար հունտ, կու տար ծաղի՜կ ու բուրմունք…»:
Հակառակ անոր, որ մարեցաւ ճրագը բոցավառող՝ հնչեց զանգը վերջին ու շիջեցաւ շողացող աստղ մըն ալ սփիւռքահայութեան երկնակամարէն: Ան պիտի մնայ փայփայուած գանձ մը՝ մեր հոգիներու թանգարանին մէջ…:
Կարօտով զինք պիտի փնտռենք ու յիշենք…:
Բիւր յարգանք եւ յաւիտենական հանգիստ հոգիիդ ու փայլփլող լո՛յս յիշատակիդ: