ՆՈՒՆԷ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան տրամատիկական թատրոնին մէջ, արցախեան պատերազմին մասին պատմող, մեծ աղմուկ հանած «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացման ներկայ ըլլալէ ետք, գիշերեց Գիւմրիի մէջ:
Այսօր նախագահը կը շրջի Գիւմրիի մէջ, կ՛այցելէ տիկնիկային թատրոն, կը ճեմէ Աբովեան ու Ռուսթավելի փողոցներով, կը հիւրընկալուի «Արեգակ» հասարակական փուռ-սրճարանին մէջ ու Ռիժկով ճեմափողոցին մէջ գտնուող «Herbs and Honey Teashop» թէյարանին մէջ կը զրուցէ լրագրողներու հետ:
Նկատենք, որ նախագահը երկրի պաշտօնեաներուն Գիւմրիի մէջ հիւրընկալուելու ու գիշերելու դաս կու տայ: Ան, վերջերս, Գիւմրիի մէջ յայտարարած էր, թէ հայրենասիրութիւնը այն է, որ հարսանիքները, ծնունդ-կնունքները գան ու նշեն Գիւմրիի մէջ, ո՛չ թէ Ամանորին հաւաքուին ու երկրէն մեկնին:
«ԱՌԱՒՕՏ»