ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Գիւմրի գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 Դեկտեմբերին այցելեց Հայաստանի կոյրերու միաւորման Գիւմրիի ուսումնաարտադրական ձեռնարկութիւնը, որ բնական հումքով իւղաներկեր եւ ներկանիւթեր կ՛արտադրէ:
Նախագահը զրուցեց կոյրերու միաւորման անդամներուն եւ ներկերու արտադրութեան մէջ աշխատողներուն հետ, ծանօթացաւ ներկերու արտադրութեան արհեստագիտութեան եւ գործունէութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներուն, որոնք նաեւ ընկերային նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներ են, որովհետեւ անոնց իբրեւ արդիւնք՝ կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր, մանաւանդ հաշմանդամներու համար: Հանրապետութեան նախագահը 6 միլիոն դրամ նուիրեց ծրագիրները ընդլայնելու համար:
Կոյրերու միաւորման անդամները իրենց արտադրած ներկերով ստեղծած իւղանկար մը նուիրեցին Արմէն Սարգսեանին:
Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ նկարը իր պատուաւոր տեղը պիտի ունենայ նախագահական նստավայրին մէջ: