2019ին, Հայաստան պիտի ստ-անձնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան նախագահութիւնը: Այս մասին, ըստ «Սիվիլնեթ»ի, Հինգշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Փութին յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանին՝ «մեկնարկող բարդ եւ կարեւոր գործին համար»:
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը իր կառավարութեան գերակայութիւններէն է:
«ԵԱՏՄ երկիրներու հետ առեւ-տրատնտեսական համագործակցութիւնը կը դառնայ կարեւոր դրական գործօններէն մէկը, որ կ՛ազդէ երկրի տնտեսական աճին եւ արտաքին առեւտուրի ներուժին վրայ», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ նոյնպէս գործադրելու բոլոր ջանքերը հիմնարկներու կատարելագործման եւ համագործակցութեան նոր ուղիներ գտնելու համար: Այս ծիրին մէջ պիտի ուզէի նշել, որ Հայաստան կ՛ողջունէ «Ամբողջարկման գործընթացներու յետագայ խորացման մասին հռչակագիր»ը եւ կը սատարէ այդ փաստաթուղթի դրոյթները, որոնք կը սահմանեն մեր համագործակցութեան փիլիսոփայութիւնը եւ անոր զարգացման հիմնական ուղղութիւնները», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան: