ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական Երեւանը կը հերքէ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութիւնը, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Պելոռուսի ներկայացուցիչը: Լուքաշենքօ այս մասին յայտնած էր ռուսական լրատուամիջոցներուն՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) տնտեսական խորհուրդի նիստէն ետք: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը տակաւին չէ լուծուած:
«ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը լուծուած չէ դեռ: ՀԱՊԿ նիստ ընդհանրապէս տեղի չի ունեցել: Հայաստանի դիրքորոշումն այս հարցում անփոփոխ է», ըսաւ ան:
5 Դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան նշած էր, որ ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի հարցը պիտի լուծուի համախոհաբար:
«Հայաստանը ոչ մէկին խնդրանքով ու առաջարկութեամբ չի դիմել, մենք ասել ենք, որ ունենք մեր թեկնածուն ՀԱՊԿում, եւ մենք հետեւողականօրէն շարունակում ենք բանակցել մեր թեկնածուի հարցի շուրջ: Ես բազմիցս ասել եմ, որ գլխաւոր քարտուղարի հարցը ամենակարեւոր հարցը չէ, շատ աւելի լուրջ հարցեր են քննարկւում այդ համատեքստում, եւ ամենակարեւոր հարցը ՀԱՊԿի էֆեկտիւութեան (արդիւնաւէտութեան-Խմբ.) եւ կազմակերպութեան անդամ երկրների ունեցած փոխադարձ պարտաւորութիւնների, այդ պարտաւորութիւնների կատարման մեխանիզմների, անդամ երկրների պարտաւորութիւնների հարցը կազմակերպութեան, երկրների առաջ եղած հարցն է: Գլխաւոր քարտուղարի կարգավիճակը առանցքային չէ», յայտարարած էր Նիկոլ Փաշինեան: Հարցումին, թէ Լուքաշենքոյէն պարզաբանում պիտի պահանջէ՞, Փաշինեան պատասխանած էր, որ հանդիպելու պարագային անպայման պիտի քննարկուին յառաջացած հարցերը:
Այս իշխանութեան օրով այնքա՛ն «ըսի-չըսի», «ըսաւ-չըսաւ» կայ, որ երկրին թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը վերածուեցաւ իսկակա՛ն ըսի-ըսաւի: Անկարելի է հասկնալ թէ ո՞վ ճիշդը կ’ըսէ, եւ ո՞վ՝ պարզապէս՝ կ’ըսէ…: