ԵՐԵՒԱՆ.- Սիսիանի մէջ, 5 Դեկտեմբերին, ձիւնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն մէկը գտնուեցաւ մահացած: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան:
«Դժբախտաբար, զինծառայողը մահացած գտան», յայտնեց Ալթունեան:
Ան նշեց, որ մահացած զինուորը պայմանագրային ծառայող, աւագ սպայ Հայկ Քարամեանն է:
Նշենք, որ ձիւնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն երեքը աւելի շուտ գտնուած էին:
Գտնուած զինծառայողներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի բնական: