ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ նոյն կուսակցութեան Անգարայէն պատգամաւոր Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերի դէմ բանտարկութեան պատիժ վճռուած էր Պոլսոյ եղեռնադատ 26րդ ատեանին կողմէ: Այդ վճիռին առարկած էին Տեմիրթաշի եւ Էօնտերի փաստաբանները, սակայն այս շաբաթ, Պոլսոյ շրջանային դատարանի երկրորդ պատժական բաժինը վճիռը վաւերացուց եւ այսպիսով Տեմիրթաշ դատապարտուեցաւ 4.5 տարուան, իսկ Էօնտեր՝ 3.5 տարուան բանտարկութեան:
Տեմիրթաշի իրաւապաշտպաններէն Ռամազան Տեմիր որոշումը մեկնաբանեց իբրեւ «ակնկալելի», ակնարկելով նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Տեմիրթաշը ազատ արձակելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշումը «նկատի չենք առներ»։
Իր կարգին, քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Փերվին Պուլտան յայտարարեց. «Էրտողան կ՛ապրի պալատի մէջ, բայց անոր միտքը Էտիրնէի բանտին մէջ է (ուր բանտարկուած է Տեմիրթաշ): Անհրաժեշտ է, որ Տեմիրթաշ անյապաղ ազատ արձակուի: ՄԻԵԴի որոշումը պէտք է յարգուի եւ մեր միւս ընկերները եւս պէտք է ազատ արձակուին: Դժբախտաբար, թրքական դատարանները գործադիր իշխանութեան հրահանգին ենթարկուելով՝ չեն կրնար իրագործել Եւրոպական դատարանին պահանջը»։
Նաեւ, Գրողներու համաշխարհային միութեան (PEN) Գերմանիոյ մասնաճիւղը Տեմիրթաշը հռչակեց իր պատուաւոր անդամներէն մէկը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով՝ «անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու» ազատ արձակելու զայն։ Կազմակերպութիւնը անընդունելի գտած է ՄԻԵԴի որոշումը անտեսելու թրքական դատարանին կեցուածքը, Տեմիրթաշը բանտարկուած պահելը
արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին կոպիտ ոտնակոխում նկատելով:
Յիշեցնենք, որ Տեմիրթաշ մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր բանտարկուած է «ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքով:
