ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Ցաւ» բառը հայերէնի մէջ ունի շատ մը հոմանիշներ, ինչպէս՝ մորմոք, վիշտ, կսկիծ, տրտմութիւն, խիթ, թախիծ, խղճահարութիւն, հոգ, տառապանք, տանջանք…: Այս հոմանիշ բառերը կը գործածուին յատուկ իմաստներով եւ որոշ պայմաններու մէջ: Բժշկութեան բառամթերքին մէջ ցաւ կը նշանակէ մարմնական անհաճոյ եւ տանջող զգացում մը, որ անտրամադրութիւն եւ անհանգստութիւն կը պատճառէ:
Ցաւը մարդ էակին ամէնէն յաճախակի գանգատն է, որուն պատճառով կը դիմէ բժշկական խնամքի: Անիկա ենթակայական (subjective) գանգատ մըն է:
Ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ շատ մը հիւանդութիւններու պատճառով յառաջացած ախտանշան մը: Ցաւը ենթակայական զգացում մըն է, որուն չափը կարելի չէ ճշդել: Անոր տարողութիւնը կը տարբերի՝ համաձայն պատճառներու տեսակին, չափին եւ տեւողութեան:
Մարդիկ տարբեր աստիճանի հանդուրժողութիւն (tolerance) կը ցուցաբերեն ցաւին հանդէպ: Կենցաղային ազդակներ մեծ դերակատարութիւն ունին ցաւի ընկալումին մէջ: Ցաւը ունի զգացողական (sensory) եւ յուզական (emotional) բաղադրիչներ: Անգիտակից եւ մահաքուն (coma) վիճակի մէջ գտնուող անհատը ցաւ չ՛զգար:
Ցաւի զգացողական գործընթացը իւրայատուկ է: Մարմինի բոլոր օրկանները եւ հիւսկէնները հարուստ են ցաւի զգացողութեան ընկալիչ (receptors) ջիղերով:
Այս ցաւընկալիչ ջիղերու գրգռութեամբ, հարուածավնասումով (trauma) եւ ախտահարութեամբ (neuropathy) ցաւաբեր մղումներ (impulses) կը հասնին ուղեղ, ուր տեղի կ՛ունենայ ցաւի ընկալումը:
Ցաւընկալիչ ջիղերու գրգռութիւնը տեղի կ՛ունենայ շատ մը ախտաբանական ազդակներով՝ հիւսկէններու եւ օրկաններու ամէն տեսակի հիւանդութիւններ, մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ, թարախակոյտ, արիւնակոյտ (hematoma), լաւորակ եւ վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ, գերջերմութիւն, այրուածք, ելեկտրական հոսանք եւ արեւու ճառագայթ՝ անդրմանիշակագոյն ճառագայթ:
Ցաւընկալիչ (pain receptor) ջիղերու վնասը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
- Ֆիզիքական հարուած՝ դաշիւնահարումով, դանակի վիրաւորումով, փամփուշտով եւ բժշկական վիրահատումով.
- Ճնշումային վնաս՝ լաւորակ եւ վատորակ ուռերով, թարախակոյտով, արիւնակոյտով, ողնոսկրի սալաթափութեամբ (vertebral herniated disc) եւ ոսկրային կոտրուածքով։
Ցաւընկալիչ ջիղերու ախտաբանական երեւոյթներն են՝ ջիղի ուռ (neuroma), ջղաբորբ (neuritis), օրինակ՝ շաքարախտի ջղաբորբ (diabetic neurutis), սողնախտ (herpes simplex) եւ սողնախտագօտի (herpes zoster):
Ուղեղա-ողնուղեղային հետեւեալ ախտաբանական ազդակները ուղղակի ցաւաբեր են՝ ուղեղային ջրուռեցք (edema), ուղեղատապ (encephalitis), ուղեղապատեանի բորբոքում (meningitis), ուղեղային արիւնահոսում եւ ուղեղա-ողնուղեղային լաւորակ ու վատորակ ուռեր:
Ցաւը կրնայ ըլլալ մարմնական (somatic) կամ ներքին-օրկանական (visceral): Մարմնական ցաւի ընկալիչ ջիղերը կը գտնուին մորթին, մարմինի փականներուն (fascia), ոսկրապատին (periosteum), մկանային ձգաններու (tendon) ներոսկրային (endosteum) եւ յօդային պատեաններուն մէջ: Մորթին մէջ յառաջացած ցաւը կ՛ըլլայ մակերեսային, իսկ մնացեալ վայրերուն մէջ ցաւը կ՛ըլլայ խորունկ:
Ներքին օրկաններու ցաւի ընկալիչ ջիղերը կը գտնուին օրկաններուն մէջ եւ զանոնք շրջապատող պատեաններուն մէջ: Ներքին օրկանային ցաւը կ՛ըլլայ անորոշ, սուր, խորունկ: Ան կը յղուի-տեղադրուի (refer) ընդհանրապէս հեռակայ վայր մը, յատկապէս մորթին վրայ, օրինակ՝ սիրտէն կրծքավանդակ եւ բազուկներ, ներորովայնային օրկաններէն փորի մակերես:
Ցաւի ընկալումէն անմիջապէս ետք մակերիկամները (adrenal glands) կ՛արտադրեն epinephrine ներծորոյթը (hormone), որ կը յառաջացնէ ցաւին ուղեկցող զանազան տեսակի այլ ախտանշաններ, օրինակ՝ անձկութիւն (anxiety), սիրտի տրոփում, արագ շնչառութիւն, զարկերակային գերճնշում, քրտնաթորում (diaphoresis):
Ցաւի տեւողութեան համաձայն՝ անիկա կը նկարագրուի իբրեւ կարճատեւ-սուր կամ երկարատեւ: Կարճատեւ ցաւը կ՛ունենայ մէկ ամիսէն նուազ տեւողութիւն, իսկ երկարատեւ ցաւը կ՛ունենայ մէկ ամիսէն աւելի տեւողութիւն՝ ամիսներ եւ տարիներ: Կարճատեւ-սուր ցաւը կը յառաջանայ՝ իբրեւ անդրադարձ հիւսկէններու եւ օրկաններու ցաւընկալիչ ջիղերու ժամանակաւոր վնասին ու գրգռութեան:
Յաճախ սուր ցաւին կ՛ուղեկցին անձկութիւն, սիրտի տրոփում, արագ շնչառութիւն, զարկերակային գերճնշում, քրտնաթորում:
Մնայուն ցաւը հետեւանքն է հիւսկէններու եւ օրկաններու ցաւընկալիչ ջիղերու մնայուն գրգռութեան, վնասին եւ ախտահարումին: Մնայուն ցաւի պատճառով ցաւակիր հիւանդը կրնայ ունենալ շատ մը ախտաբանական այլ երեւոյթներ եւ ախտանշաններ՝ անձկութիւն, ընկճուածութիւն, վախ, սրտի տրոփում, արագ շնչառութիւն, զարկերակային գերճնշում, քրտնաթորում, քունի ընդհատում եւ խանգարում, համի խանգարում, ախորժակի եւ սեռային յարաբերութեան նուազում, կշիռքի կորուստ, փորի պնդութիւն, անշարժութիւն, ընկերային կեանքէ հեռացում, մտային ճկունութեան եւ յիշողութեան վատթարացում, հարցեր լուծելու եւ հասկնալու դժուարութիւն:
Ցաւը ունի զանազան բնոյթներ՝ մեղմ, բութ, սուր, թոյլ, սաստիկ, ուժգին, ծակող, սլացող, մղկտող (aching), այրուածքային, խայթոցային. (stinging), ջղացնցական (cramping), տրփող-բաբախիչ (throbbing), խուլ (dull), հարուածային (shooting), պատրուածքային (tearing), տեղային, տարածուն, յղուած-տեղադրուած ժամանակաւոր, անցողակի, երկարատեւ, մնայուն:
Ցաւը ունի նաեւ անուանումներ համաձայն ցաւին օրկանային սկզբնաղբիւրին (origin), օրինակ՝ գլխացաւ, կոնքացաւ, փորի ցաւ, որկրացաւ, լինդացաւ, ակնացաւ, ականջացաւ, ատամնացաւ, կրծքացաւ եւ ոսկրացաւ:
Հոգեբանական խանգարումներէ տառապող անհատը կրնայ գանգատիլ անորոշ եւ երեւակայական ցաւի զգացումէ մը: Այս երեւոյթը հազուագիւտ է:
Հոգեբանական խանգարումներ կրնան աւելիով զարգացնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ցաւը:
Ուրուականային ցաւի (phanthom pain) պարագային, ցաւը կը զգացուի մարմինին մէկ բաժինէն, որ կորսուած է եւ ուղեղը անկէ տեղեկութիւն չ՛ստանար, օրինակ՝ սրունքի վիրահատումէ ետք հիւանդը վիրահատուած սրունքի ցաւէն կը գանգատի:
Շատեր գիտակցօրէն եւ առանց ախտաբանական պատճառի կը գանգատին ցաւէ: Այս երեւոյթը կը կոչուի ցաւախաբէութիւն (malingering), որ կ՛օգտագործուի երկրորդական շահեր ապահովելու համար, օրինակ՝ ապահովագրութեան ընկերութենէ հատուցում կորզելու համար:
Կարելի՞ է մեղմացնել ցաւը: Այո՛, կարելի է հետեւեալ դարմանամիջոցներով.
- Ցաւասպան, ցաւամոքիչ, ցաւազերծիչ դեղեր, որոնք կը կիրարկուին զանազան ձեւերով՝ բերանային, ներերակային, ենթամորթային, ներմկանային, ներողնուղեղային (spinal) եւ ներողնուղեղապատեանային (intrathecal):
- Ընդհանուր թմրեցուցիչներ (narcotics).
- Քնաբեր դեղեր.
- Հանդարտեցուցիչ եւ հակաճնշուածութեան (antidepressant) դեղեր.
- Տեղային ջիղի զգայազրկիչներ (nerve blockage).
- Ջիղի հատում (nerve resection).
- Հոգեբանական դարմանամիջոցներ.
- Զգայազրկիչներ (anesthetic)‘ ընդհանուր մարմնական կամ տեղայնական.
- Հոգեբուժական զգայազրկում եւ արհեստական քնաբերութիւն (hypnosis).
- Cortisone եւ նմանօրինակ դեղեր.
- Մարզանք, մարձում, ջերմուկ՝ հանքային լոգարան.
- Ենթաջերմութիւն (hypothermia), սառի գործածութիւն.
- Ընկերային օժանդակութիւն եւ փոխյարաբերութիւն:
Ցաւը վերջնականապէս կը փարատի, երբ կը դարմանուին անոր տեղի տուող ախտաբանական վիճակները:
Զօրաւոր ցաւի համար յաճախ գործածուած ցաւասպան դեղեր են morphine-ը եւ codeine-ը: Այս ցաւասպան դեղերը պէտք է գործածուին մեծ ուշադրութեամբ, որովհետեւ անոնց մեծ քանակութեամբ կամ երկարատեւ գործածութիւնը կը յառաջացնէ կողմնակի որոշ բարդութիւններ, օրինակ՝ սիրտի զարկի եւ շնչառութեան դանդաղում, երկար եւ խորունկ քուն, փորի պնդութիւն, նողկանք, փսխունք, կորսուածութիւն, միզարգելութիւն եւ միզապահութիւն (urinary retention)։
Ցաւազերծ ըլլալը մարդկային իրաւունք նկատուած է բժշկական հիմնարկներու, հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու կողմէ: Այդ իսկ պատճառով, յատկապէս վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք հիւանդին կը ներարկուի առատ ամոքիչ դեղեր, որպէսզի անոր ապաքինումը ըլլայ արագ եւ ցաւազերծ վիճակի մէջ:
Ծերութիւնը կը յատկանշուի կարգ մը մնայուն հիւանդութիւններով եւ մարմնական ու ֆիզիքական անկարողութիւններով եւ կաշկանդումներով, որոնք բոլորն ալ կը յայտնուին մնայուն ցաւով: Այդ իսկ պատճառով, տարեցներ շարունակ կը գործածեն ցաւը մեղմացնող զանազան տեսակի դեղեր: