ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սիսթան եւ Պալուչիստան նահանգի Չապահար նաւահանգիստին մէջ պայթումէ մը ետք հրացանաձգութիւն տեղի ունեցաւ 6 Դեկտեմբերին:
Չապահարէն աղբիւրներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուցած է ոստիկանատունը, որուն հետեւանքով Չապահարի ոստիկանապետը եւ երկու քաղաքայիններ սպաննուած են:
«Սէուտական աջակցութիւն վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն հարուածներ հասցնել երկրին կայունութիւնը խախտելու նպատակով։ Յարձակումը գործադրողներուն դէմ պատասխան քայլը ծանր պիտի ըլլայ», նշեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը:
«Թեհրան իրենց արարքներուն համար պիտի պատժէ ահաբեկիչները եւ անոնց տէրերը», իր կարգին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ:
7 Դեկտեմբերին հաղորդուեցաւ, որ յարձակումը շատ հաւանաբար գործադրած է Փաքիստան հաստատուած իսլամ ծայրայեղական «Անսար Ֆորղան» կազմակերպութիւնը, որ այդ արարքով կը փորձէր վնաս հասցնել թէ՛ Իրանի եւ թէ Հնդկաստանի շահերուն, նկատի ունենալով, որ Հնդկաստան Չապահարի մէջ տնտեսական յատուկ գօտի մը կը հաստատէ եւ Իրանի հետ համագործակցաբար կ՛արդիականացնէ եւ կ՛ընդարձակէ նաւահանգիստը։