ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու տուեալներով՝ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը առնուազն 150 է:
«Աջակցի՛ր Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն» կազմակերպութեան համաձայն՝ քաղաքական բանտարկեալներուն մէջ կան աղանդներու հետեւորդներ, մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, այլախոհ լրագրողներ եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ:
Պաքու կը շարունակէ կտրուկ կերպով հերքել այն պնդումները, թէ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ կան։