Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Երկուշաբթի օր, Թիֆլիսի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէի հետ:
Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Սարգսեանին՝ Վրաստանի նորընտիր նախագահին երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելուն համար, կը հաղորդէ նախագահի մամլոյ գրասենեակը:
Արմէն Սարգսեան, իր կարգին նշեց, որ իրեն համար պատիւ է Վրաստանի համար այս կարեւոր իրադարձութեան ատեն գտնուիլ հարեւան ու բարեկամ երկրին մէջ:
Հայաստանի նախագահը եւ Վրաստանի վարչապետը միտքեր փոխանակեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգին շուրջ՝ ընդգծելով համագործակցութիւնը, զանազան ոլորտներու մէջ խորացնելու կարեւորութիւնը: