ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն, Լոնտոնի «Արսենալ»ը 2-3 արդիւնքով պարտուեցաւ «Սաութհեմփթըն»էն, հակառակ անոր, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան երկու կօլեր նշանակեց, երկու առիթներով հաւասարեցնելով մրցումին արդիւնքը։
«Սաութհեմփթըն» յաղթանակի կօլը նշանակեց 85րդ վայրկեանին։ «Արսենալ» այս մրցումէն առաջ 22 մրցումներու ընթացքին անպարտելի մնացած էր։