ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հարաւ կովկասեան Երկաթուղի» փակ բաժնետիրական ընկերութեան գործունէութեան ընթացքին թոյլ տրուած չարաշահումները քննելու ընթացքին, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն փաստական տուեալներ ձեռք բերած է Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնատար անձի մը կողմէ իր պաշտօնի լիազօրութիւնները առերեւոյթ չարաշահելուն վերաբերեալ:
Գործի նախաքննութեամբ պարզ-ուած է, որ 2008-2013 թուականներուն, ընկերութիւնը ֆինանսական բնոյթի շարք մը չարաշահումներու ճամբով երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վրայ կատարուած ներդրումներէն 428 միլիոն դրամի շինարարական աշխատանքներ չէ կատարած:
Երկաթուղիի վարչութեան գործունէութիւնը համակարգած է նախարարի տեղակալը, որ «Հարաւկովկասեան Երկաթուղի» ընկերութենէն չստանալով հաշուապահական եզրակացութեամբ արձանագրուած չարաշահումներու եւ զանոնք վերացնելու վերաբերեալ պատճառաբանուած պարզաբանումներ եւ առաջարկութիւններ, խմբային շահերէ մեկնելով, վերահսկող հաշուետուութեամբ արձանագրուած ֆինանսական չարաշահումները, ներդրումներու գործընթացին մէջ պայմանագիրով նախատեսուած պարտաւորութիւններու բազմաթիւ խախտումները, որոնց շարքին՝ 428 միլիոն դրամի չկատարուած շինարարական աշխատանքները չեն զեկուցած իրաւապահ մարմիններուն, թոյլ տալով այդ չափով գումարի յափշտակումը:
Նկատի ունենալով, որ քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած են տուեալներ՝ նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնատար անձի՝ նախարարի տեղակալին կողմէ իր պաշտօնի լիազօրութիւնները առերեւոյթ չարաշահելուն վերաբերեալ յարուցուած է նոր քրէական գործ: