ԵՐԵՒԱՆ.- Յառաջիկայ որոշումներով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի վերակառուցէ ԶՈՒ քանի մը հազար սպայի եւ ենթասպայի նախապէս վերցուցած վարկերը: Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ արձանագրած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
«Որոշման իմաստը այդ վարկերուն տոկոսադրոյքը մինչեւ կիսով կրճատելն է եւ սպասարկման ժամկէտը երկարացնելը:
Իբրեւ արդիւնք, ըսենք՝ եթէ ԶՈւ ծառայողը ամէն ամիս վարկի սպասարկման (մարման) համար կը վճարէ 50 հազար դրամ, նախատեսուող փոփոխութիւններէն ետք այդ նոյն, բայց վերակառուցուած վարկին համար պիտի սկսի վճարելու ըսենք՝ 25 հազար դրամ:
Յառաջիկային կայացուելիք այլ որոշումներով՝ կառավարութիւնը պիտի անդրադառնայ նաեւ նախկին զինուորականներուն բնակարաններ ձեռք բերելուն աջակցելու հարցին:
Ասիկա, անշուշտ, ամբողջական լուծում չէ, բայց հարցը մեռեալ կէտէն կը շարժի: Յառաջիկային կարեւոր որոշումներ պիտի տանք նաեւ գործող զինուորականներու բնակարաններու ձեռքբերման թեմայով». գրած է վարչապետի պաշտօնակատարը: