ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ստեփանակերտի մէջ, յաջորդ տարուան ընթացքին պիտի կառուցուին շուրջ 500 բնակարաններ նախատեսող 2 թաղամասեր, քաղաքի Տիգրան Մեծ եւ Թումանեան փողոցներուն վրայ: Կառուցուող բնակարաններուն շուրջ 30 տոկոսը պիտի գնուի պետութեան կողմէ, իսկ շուրջ 70 տոկոսը պիտի իրականացուի հիփոթեքային (գրաւ՝ անշարժ կալուածի վրայ) ծրագիրներու շրջագիծին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան տարուան ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ առաջին խումբի բնակարանները՝ պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու հիման վրայ՝ պիտի նուիրուին համապատասխան հասարակական խումբերու պատկանող անձերու, իսկ երկրորդ խումբի բնակարանները պիտի ծախուին։
Պետական պիւտճէին վերաբերեալ պետական նախարարը յայտնեց, որ 2018ի Յունուարէն Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 48 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցելով 38.3 տոկոսով կամ 13.3 միլիառ դրամով: «Առաւել հաւաքագրուած գումարէն 9701.6 միլիոն դրամը պայմանաւորուած է «Բէյզ Մեթըլս» ՓԲԸի կողմէ վճարուած հարկային եկամուտներու աճով, իսկ 3593.7 միլիոն դրամը ապահովուած է Արցախի մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին եւ հարկային մարմինին կողմէ իրականացած հետեւողական վարչարարութեան իբրեւ արդիւնք», յայտարարեց պետական նախարարը՝ աւելցնելով, որ 2019ի համար նախատեսուած է պետական պիւտճէի սեփական եկամուտներու աճ՝ 2018ին սպասուող ցուցանիշին նկատմամբ 5.7 տոկոսով, հարկային եկամուտները պիտի աճին 5.3 տոկոսով: