Շաբաթ, 20 Մայիս 2017ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մեծ ընտանիքը օժտուեցաւ նոր միաւորով մը՝ «Կիլիկիա» անունով, Սանթա Քլարիթայի մէջ:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:30ին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, աւելի քան 50 ազգայիններ ներկայ գտնուեցան նորաստեղծ միաւորի հիմնադիր ժողովին, որ գումարուած է Լոս Անճելըսի հիւսիսը գտնուող Սանթա Քլարիթա քաղաքի Հայոց Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Պատմական այս ժողովին ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ հովիւ Սերովբէ քհնյ. Ալանճեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ մեծ ներդրում ունեցած է միաւորի ստեղծման մէջ, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամներ Արամ Պէքարեան եւ Փիեռ Մանուկեան:
Տէր հօր բացման աղօթքէն ետք ցուցադրուած է ՀՄԸՄի գործունէութիւնը արտացոլող տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած են Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը, կազմակերպուած զանազան մարզախաղերը, սկաուտական շարժումը, Նաւասարդեան մարզախաղերն ու ՀՄԸՄին առնչուող այլ հետաքրքրական աշխատանքներ:
Ապա ելոյթ ունեցան Մանուէլ Մարսէլեան, որ բացատրելէ ետք ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներու կարեւորութիւնը, շեշտած է ՀՄԸՄի ծառայութեան ոգին, եւ պաշտօնապէս յայտարարած է միաւորի հիմնումը, որ պիտի գործէ Սանթա Քլարիթայի տարածքէն ներս:
Այնուհետեւ, նորակազմ միաւորի վարիչ մարմին նշանակուեցան Վիքի Աշճեան (ատենապետուհի), Ալեքս Ճահիլեան եւ Ռաֆֆի Տումանեան: Ներկաներու համաձայնութեամբ միաւորը կոչուեցաւ «Կիլիկիա», որպէսզի շրջանը իմանայ հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասին:
Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորելէ եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք նորակազմ միաւորին, յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ Նաւասարդեան մարզախաղերուն միաւորը իր մասնակցութիւնը կը բերէ սկաուտներով եւ մարզիկներով:
Մասնաճիւղը կարճ ժամանակամիջոցին գործադրած իր հետաքրքրական ծրագիրներուն շնորհիւ, թուական արագ աճ արձանագրած է եւ ներկայիս ունի 40 երկսեռ անդամներ: Մասնաճիւղը կարիքը ունի սկաուտ ղեկավարի մը, որպէսզի կարենայ սկաուտական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել. արդէն իսկ ինը արի-արենուշներ կը հետեւին ՀՄԸՄի սկաուտական գործունէութեան:
Նիւթական ակնկալութիւններով մասնաճիւղը ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու փառատօնին Fruzion fruit juice-ի հաստատութեան հետ գործակցաբար ունեցած է իր կրպակը եւ շօշափելի յաջողութիւն արձանագրած է:
Մասնաճիւղի շաբաթական հանդիպումները տեղի կ՛ունենան Meadows Park-ի մէջ, Վալենսիա, իսկ ֆութպոլի փորձերը կը կատարուին Pacific Park-ի մէջ:
Մարզական գետնի վրայ, մասնաճիւղը զարկ կու տայ ֆութպոլին, որուն ԱԱ դասակարգի խումբին անդամակցած են 15 մարզիկներ:
Ներկայիս միաւորի վարիչ մարմինը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Կարէն Մարտիրոսեան
Թամար Աթմաճեան-Հասէրճեան
Թանիա Լաբոյեան
Աւօ Սոլթանեան
Արամ Սարգիսեան
Միաւորը կը հաշուէ 50 անդամ, որոնց 15ը մարզիկներ են, 10ը՝ սկաուտներ, իսկ մնացեալ 25ը գործօն անդամներ: Պէտք է ընդգծել, թէ միաւորը ունի ֆութպոլի վաստակաշատ մարզիկներ, որոնց լուրջ աշխատանքի շնորհիւ մասնաճիւղը Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերուն երկրորդ տեղը գրաւեց ֆութպոլի ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Հոլիվուտ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Տաղ» Ուխտ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի Լոս Անճելըսի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Հովիւ, Հոգաբարձութիւն
Եւ Յարակից Մարմիններ
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոստոյեան» Մանկամսուր
Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի
Տօներուն Առիթով՝
Շնորհաւորութիւններ
Եւ Յաջողութեան Մաղթանքներ
Հայաստանի, Արցախի, Արտերկրի,
Ինչպէս Նաեւ Հոլիվուտի Հայութեան
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւնը
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան,
Շրջանի Եւ Աշխարհի Տարածքին
Գործող Բոլոր ՀՄԸՄական Քոյր-Եղբայրներուն
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Մաղթելով Բոլորին
Յաջող Ու Բարեբեր Տարի Մը
Հաւատարիմ Մնալով
«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» Կարգախօսին
ՀՄԸՄը Պիտի Շարունակէ Սրբազան
Իր Առաքելութիւնը,
Պատրաստելով Վաղուան Ազգանուէր Հայը