ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի որոշումով, Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչագան Ղազարեան 50 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուեցաւ:
Նախապէս, 13 Դեկտեմբերին, դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանի՝ Ղազարեանի կալանքը գրաւի կիրառումով փոփոխութիւնը անթոյլատրելի համարած էր: Այս որոշումը Ղազարեանի պաշտպաններուն կողմէ բողոքարկուած էր Վերաքննիչ դատարանին մօտ եւ սոյն դատարանի դատաւոր Մխիթար Պապոյեան 28 Դեկտեմբերին մերժած էր բողոքը:
Վաչագան Ղազարեանի պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ Վաչագան Ղազարեան արդէն ազատ արձակուած է. դատարանին կողմէ սահմանած գրաւի գումարը վճարուած է:
Նշենք, որ ասիկա Ղազարեանի երկրորդ կալանաւորումն էր, որմէ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած էր: 27 Յունիսին ան կալանաւորուած էր, եւ մէկ միլիառ դրամ գրաւ վճարելով՝ ազատ արձակուած էր: