ՊԸՐՊԵՆՔ.- 10 Յունուարին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութենէն երկու անդամներ՝ Սիլվա Քէշիշեան եւ Անէթ Քարկոտորեան, ինչպէս նաեւ Հայ մշակութային հիմարկութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Չարշաֆեան հանդիպում մը ունեցան Պըրպենքի քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատիի հետ, որ իր զրուցակիցներուն տեղեկացուց, թէ ներկայ հանգրուանին եւ հակառակ դաշնակցային կառավարութեան գործունէութեան մասնակի անդամալուծման, քաղաքապետութիւնը այս տարուան ընթացքին իր սպասարկութիւնները կրճատելու կարիքը չունի։
Քննուեցան նաեւ Պըրպենքի եւ Արցախի Հադրութ քաղաքին միջեւ գոյացած «բարեկամ քաղաքներ» համաձայնութեան միջոցաւ Հադրութին աջակցելու կարելիութիւնները, յատկապէս օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար Հադրութի վարժարաններուն եւ աշակերտներուն։
Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը պիտի ներկայացնէ Ապրիլ 16ին, որմէ ետք քաղաքապետութեան շէնքին առջեւ մոմավառութեամբ հսկում մը տեղի պիտի ունենայ։
Ի պատասխան հիւրերուն հարցումներուն՝ քաղաքապետը տեղեկացուց, թէ Պըրպենքի ոստիկանութեան եւ քաղաքապետութեան գործունէութեան շարք մը մարզերուն մէջ ծառայող հայերուն թիւը աճ արձանագրած է՝ նշելով, որ քաղաքին մօտաւորապէս 10 յանձնաժողովներուն եւ յատուկ մարմիններուն մէջ յաճախ կարիքը կը զգացուի կամաւորներու սպասարկութեան։ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները խոստացան քաջալերել քաղաքին հայերը, որ գործօն մասկացութիւն բերեն յանձնաժողովներուն աշխատանքին, որոնց մասին տեղեկութիւններ կան քաղաքապետութեան համացանցային կայքին վրայ։
Քաղաքապետը նաեւ տեղեկացուց, թէ մօտաւորապէս 105,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ կան շուրջ 150,000 աշխատատեղեր, քաղաքացիներուն ընծայելով աշխատանքի բազմաթիւ կարելիութիւններ։ Ան նաեւ առաջարկեց Պըրպենքի Երիտաասարդական կեդրոնի գործունէութեան մէջ նկատի ունենալ նաեւ քաղաքի երեխաներուն արտադպրոցական սպասարկութիւններ մատուցող՝ «Տղոց եւ Աղջկանց Ակումբ»ին (Boys and Girls Club) հետ գործակցելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթին եւ պատմութեան մասին հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու, ինչպէս նաեւ հայկական թերթերու ցանկ մը տրամադրել քաղաքապետութեան, քաղաքին գրադարաններուն համար։
Իրենց կարքին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ մօտէն կը գորակցին Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանին հետ եւ թէ անցեալ տարի պասքեթպոլի մրցաշարք մը իրականացուցած են Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցած են քաղաքին տարբեր ազգութիւններէ երեխաներ։ Նաեւ նշուեցաւ, որ հրդեհներու ընթացքին կեդրոնը ապաստանարան հանդիսացած էր, ինչպէս նաեւ՝ կարիքաւոր քաղաքացիներու ուտեստեղէն բաժնելու կեդրոն եւ քուէարկութեան վայր։
«Հակառակ այն իրողութեան, որ գործունէութիւնը կեդրոնացած է հայերու եւ հայութեան վերաբերող հարցերու վրայ, մենք մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ միշտ կը քաջալելենք եւ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարենք քաղաքի բոլոր բնակիչներուն», յայտնեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Քէշիշեան։
«Հայերը միշտ քաղաքին մէջ ստեղծագործ եւ սատարող համայնք մը հանդիսացած են։ Յոյժ կարեւոր է ճանչալ Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու տոկունութիւնը», եզրակացուց քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատին։