ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«23.5 Ապրիլ». այսպէս կոչուեցաւ «Ակօս»ի հին խմբագրատունը, որ մօտ ապագային կը պատրաստուի դռները բանալու՝ իբրեւ Հրանդ Տինքի անուան յիշողութեան վայր: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութիւնն է յիշողութեան վայրը: Վարիչները խուսափեցան թանգարան բառը օգտագործելէ: Չէ՛ որ թանգարանը իր մէջ վերջակէտ մը կը յուշէ: Անցած, վերջացած, աւարտին հասած բանի մը վերյիշումն է թանգարանը: Մինչդեռ յիշողութեան վայրը աշխատանոց մը պիտի դառնայ: Հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու, կարծիքի փոխանակումներու վառ կեդրոնի մը մասին է խօսքը: Գոնէ հեռանկարը այդպէս է եւ փորձով գիտենք, թէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը ընդհանրապէս կը յաջողի իր հեռանկարները իրականութեան վերածելու:
Սակայն այս անգամ ուրիշ բան մըն է, որ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ: «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան եւ այդ խմբագրատան մէջ ալ խմբագրապետին՝ Հրանդին սենեակի պատերը զարդարող նկարներէն մէկուն կը կառչի մեր հայեացքը:
Կապուտաչեայ կարճահասակ հսկայի մը նկարն է անիկա: Երջանկայիշատակ Կոլոտ պատրիարք Բաղիշեցիի դիմանկարին կը հանդիպի մեր հայեացքը: Ահաւասիկ յիշողութեան վայրը՝ նախքան իր դռները բանալը, տեղի կու տայ ինչ-ինչ յիշողութիւններու: Կը յիշեմ այդ նկարի «Ակօս» գալու ոդիսականը: «Ան մեր պատմութեան շատ կարեւոր դէմքերէն է, բայց իր նկարը ոչ մէկ տեղ կայ: Ես ալ որոշեցի բազմացնել Կոլոտ պատրիարքի նկարը եւ բաժնել մեր հաստատութիւններուն»: Այսպէս ըսած էր այժմ ինք ալ յիշատակ դարձած Կրոնդէս Արբաղ: Կատարած էր իր խոստումը եւ տասնեակներով բազմացնելով Կոլոտ պատրիարքի մեծադիր մէկ դիմանկարը՝ շրջանակած ու բաժնած էր զանազան հաստատութիւններու: Անոնց կարգին մէկ օրինակ ալ վիճակած էր «Ակօս»ի խմբագրապետի սենեակին:
Եւ ո՞վ էր Կրոնդէս Արբաղ: Քուրթուլուշ թաղին մէջ փականագործ, բանալիներ սարքող վարպետ մը: Բառին բուն իմաստով ժողովրդական փիլիսոփայ մը: Ինքնուս էր: Իր ջանքերով պայծառացուցած էր միտքը, աշխարհահայեացքը: Ունէր յատկութիւն մը եւս: Պայքարի մարդ էր: Կամ աւելի տարածուն բառով՝ գործիչ մը: Գործիչ՝ որ ինք կը հնարէր գործը եւս: Նոյնիսկ չէր խուսափեր երբեմն իր սեփական գլուխը փորձանքներու մատնելէ: Մեր երկրին մէջ ինչ մեծ յիմարութիւն, երբ շատեր ու շատեր կեանքի մէջ միայն մէկ նպատակ կը հետապնդեն՝ որն է անձնական շահը եւ սեփական մորթի փրկութիւնը: Չեմ գիտեր, որքանո՞վ կրնանք առարկել, այդ ալ իր կարգին կեանքի փիլիսոփայութիւնն է թերեւս: Բայց մէկ բան, որ յստակ է՝ անոնց ետեւէն յիշելու արժանի ոչինչ կը մնայ, իսկ անդին ինչպէս կ՛ըսէ արածը. «Բարիք ըրէ ջուրը գցէ, նոյնիսկ տխմարը չիմանայ ձուկը կ՛իմանայ»:
«ԱԿՕՍ»
pakrates@yahoo.com