ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն 24 Յունուարին, «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարեց՝ նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին մասին:
«Երէկ ես հեռաձայնեցի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին՝ շնորհաւորելու անոր վերանշանակումը եւ ողջունելու Հայաստանի ժողովուրդին՝ Դեկտեմբերին իրականցուցած ազատ եւ արդար ընտրութիւնները: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛աջակցին Հայաստանի բարգաւաճ ապագան երաշխաւորելու անոր ջանքերուն», կը գրէ Պոլթըն: