ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Շաբաթ, 9 Փետրուարին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ (825 Brotherhood Way, San Francisco, CA 94132) տեղի պիտի ունենայ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 38րդ տարեկան ձեռնարկը, որուն հիւր բանախօսը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի «Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ» խումբին հետ շարք մը մրցանակներ շահած մարզիչ Սթիւ Քըր։
Վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան կը յայտնէ, թէ այս առիթով, Սթիւ Քըրին եւ Քըր ընտանիքին այլ անդամներուն պիտի յանձնուի մրցանակ մը, մեծարելու համար Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու օժանդակութիւն ցուցաբերած Քըրի մեծ հայրն եւ մեծ մայրը՝ Սթենլին եւ Էլսան։
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ հատուած մը պիտի ցուցադրուի Քըրերու մարդասիրական աշխատանքին նուիրուած վաւերագրական ֆիլմէն, որ կը պատրաստուի Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանի կողմէ։
Նշենք, որ Սթենլի եւ Էլսա Քըրերը Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան միջոցաւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են հարիւր հազարաւոր հայերու օժանդակութեան հասած նշեալ կազմակերպութիւնը հիմնելու ջանքերուն մէջ եւ անձամբ մարդասիրական գործունէութիւն կատարած են Մարաշի մէջ, իսկ ֆրանսացիներուն նահանջէն ետք, անոնք Լիբանանի մէջ շարունակած են այդ աշխատանքը, յատկապէս՝ Նահր Իպրահիմ շրջանին մօտակայքը գտնուող հայակական որբանոցին ճամբով:
Սթենլի Քըր նաեւ դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ հրատարակած է իր յուշերուն նուիրուած՝ «Մարաշի Առիւծները» հատորը:
«Ծանօթ եմ Մարաշի եւ Լիբանանի մէջ անոնց տարած մարդասիրական աշխատանքին, ինչ որ հպարտութեան աղբիւր մըն է ինծի համար», յայտնեց Սթիւ Քըր՝ աւելցնելով, որ իր պատանութեան տարիներուն, մեծ թիւով հայեր կ՛այցելէին իրենց բնակարանը, եւ այդ իսկ պատճառով ինքզինք «պատուոյ հայ» մը կը համարէ: