Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019ին հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, հիւպատոսութեան խորհրդական տիար Վարազդատ Պահլաւունիի եւ երկրորդ Քարտուղար Քանաքարա Հովհաննիսեանի հետ:
Դոկտ Ա. Բայբուրդեանի հետ հանդիպելու գլխաւոր նպատակն էր կամրջել համագործակցութեան կարելիութիւնները: Հանդիպման ներկայ էր ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեան իր ողջոյնի խօսքէն ետք, գլխաւոր հիւպատոսին ծանօթացուց Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան անդամները, ապա անդրադարցաւ շրջանիս մէջ գործող 25 մասնաճիւղերուն, 4 Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներուն, Հոգեբանական կեդրոնին, 16 միօրեայ վարժարաններուն եւ այլ յանձնախումբերու գործունէութեանց մասին: Ան նշեց, թէ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը այս տարի մեծ շուքով պիտի տօնախմբէ իր շրջանի հիմնադրութեան 35ամեակը՝ Շաբաթ, 9 Մարտ 2019ին եւ պիտի պարգեւատրէ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանը:
Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան նախ շնորհաւորեց Հայոց բանակի տօնը եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ ընթացիկ եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին են ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւնները, կրթական գործունէութիւնը, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հզօրացումը եւ Սուրիահայ գաղութին օժանդակելը, որոնք կ՛իրականացուին Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ ՀՕՄի ներդրումը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, ուր ՀՕՄը արձանագրուած է Տնտեսական եւ Ընկերային յանձնաժողովներու անդամ:
Գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան յայտնեց, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը բացառիկ կառոյց է եւ ինք տեղեակ է ՀՕՄի հրաշալի եւ փայլուն աշխատանքներէն եւ բարձր գնահատեց ՀՕՄի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: Դոկտ. Բայբուրդեան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործնական սերտ յարաբերութիւններ ծաւալելու եւ խոստացաւ օգտակար դառնալ եւ աջակցիլ ՀՕՄի ծրագիրներու իրագործման:
Մտերմիկ ու ջերմ հանդիպումին աւարտին, հիւպատոսին յանձնուեցաւ ՀՕՄի տեսլական 2020ի ծրագիրի յուշապնակը, որ յատկապէս պատրաստուած է հանրայայտ հայ արհեստագէտ Մայքըլ Արամի կողմէն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910ին Նիու Եորք քաղաքին մէջ, ունի մասնաճիւղեր 27 երկիրներու մէջ: ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը մէկն է 10 Շրջանային վարչութիւններէն, զորս կը ղեկավարէ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը: Արեւմտեան շրջանս ունի 1240 անդամներ:
Մեր շրջանի առանցքային ծրագիրները նպատակ ունին աջակցութիւն ցուցաբերել անհատներու եւ ընտանիքներու՝ կրթական, ընկերային եւ ընտանեկան ծառայութիւններ, մարդասիրական օգնութիւն, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը ունի իր Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու բաժանմունքը եւ Հոգեբանական կեդրոն մը, ուր կը մատուցեն ծառայութիւններ երեխաներու, երիտասարդներու եւ ընտանիքներու: Շրջանին մէջ կը գործեն 16 միօրեայ վարժարաններ եւ 3 մանկամսուրներ: ՀՕՄը նաեւ նիւթապէս կ՛օժանդակէ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մանկապարտէզներուն եւ երիտասարդական կեդրոններուն: